Հայաստանի հանրապետութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան եւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի տնօրէն Արա Խըզմալեան երէկ այցելեցին Մարոնիներու ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Լիբանանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հայութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին միացեալ պատմութիւնը` նկատի ունենալով Օսմանեան կայսրութեան կողմէ երկու ժողովուրդներուն դէմ գործուած ջարդերը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ տնտեսական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ հայաստանեան աւանդութիւններու փոխանակումն ու Պէյրութ-Երեւան կրօնական զբօսաշրջութեան զարգացումը: