Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ . «Լիբանանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւնները Ամուր Են, Իսկ Մօտիկ Ապագային Պիտի Այցելեմ Հայաստան» Շեշտեց Նախագահ Աուն

October 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ծրագրաւորումի պետական նախարարութեան հրաւէրով նախանցեալ օր Լիբանան ժամանած Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին  Հայաստանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու, ինչպէս նաեւ Անշարժ գոյքի արձանագրութեան պետական կոմիտէի նախագահ Մարտին Սարգսեան եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի գործադիր նախագահ եւ յատուկ յանձնարարութիւններով արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Լեւոն Սարգսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ ուրիշներ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ ամուր յարաբերութիւններու գոյութեան` կոչ ուղղելով այդ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու նաեւ տնտեսական մարզին պարագային:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ լիբանանցի ժողովուրդի եւ հայոց պատմութիւններուն միջեւ տիրական նկատուող հասարակ յայտարարներուն:

Նախագահ Աուն քաջալերեց երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ եւ ուղղակի ներդրումները, ինչպէս նաեւ առեւտուրի զարգացումն ու զբօսաշրջական գործակցութեան բարգաւաճումը:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանցի եւ հայ գործարարներուն առաւելագոյն չափով համագործակցելու` ծառայելու համար երկու բարեկամ ժողովուրդներուն եւ երկիրներու շահերուն:

Նախագահ Աուն Կարայեանէն խնդրեց իր ողջոյնը փոխանցել Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին` ընդգծելով, որ ինք մօտիկ ապագային պիտի ընդառաջէ նախագահ Սարգսեանի կողմէ իրեն յղուած Հայաստան այցելութեան հրաւէրին:

Իր կարգին, նախարար Կարայեան շեշտեց, որ իր այցելութեան նպատակն է լիբանանեան տնտեսական բարեկամ խորհուրդներուն հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել` աւելցնելով, որ անցեալ ապրիլին Երեւանի մէջ գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրուած է Լիբանանի ծրագրաւորումի պետական նախարարութեան հետ:

«Այսօր մենք կը գործադրենք այդ համաձայնագիրը: Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացման կարիք ունին», ըսաւ ան:

Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Կարայեանի Եւ Հայրենի Պատուիրակութեան

Միւս կողմէ, նախանցեալ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ռոյըլ Թիւլիփ» պանդոկին մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն մը` ի պատիւ նախարար Կարայեանի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին նաեւ Հայաստանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատներու, ինչպէս նաեւ Անշարժ գոյքի արձանագրութեան պետական կոմիտէի նախագահ Մարտին Սարգսեան եւ «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի գործադիր նախագահ եւ յատուկ յանձնարարութիւններով արտակարգ եւ լիազօր դեսպան դոկտ. Լեւոն Սարգսեան:

Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ հայ գործարարներ:

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կարայեան յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր աշխատանքային այցելութիւնը կարեւոր եւ անհրաժեշտ աշխատանք մըն է, որովետեւ անոր ընդմէջէն

կարելի պիտի ըլլայ լիբանանեան շուկային եւ գործարարներուն ծանօթացնել Հայաստանի տնտեսական, ճարտարարուեստի, առեւտուրի եւ երկրագործութեան  բնագաւառները, որոնց մէջ կարելի է ներդրումներ կատարել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին համար:

 

 

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ . Ժեմայէլ Պոկտանովին Կ՛առաջարկէ Տեղահանուածներու Տունդարձին Իմաստով Ռուսիոյ Միջնորդութիւնը

Յաջորդը

Զէյթունցեան Եւ Խըզմալեան Խազենի Հետ Քննարկեցին Փոխադարձ Գործակցութեան Ամրապնդումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.