ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատավայրին մէջ կան կարգ մը ճնշումներ, որոնք ձեզ կ՛անհանգստացնեն: Ողբերգութեան մի՛ վերածէք, նման կացութիւններ միշտ կը պատահին: Համբերութեամբ ամէն ինչ կը լուծուի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հակառակ ձեր բնաւորութեան` այսօր ձեր շուրջը անհասկացողութիւններ պիտի պատահին, որոնք ձեր հանգիստը պիտի խանգարեն: Այս պարագան անշուշտ առաջին անգամը չէ, որ կը պատահի: Դարձեալ լուծում մը պիտի կարենաք գտնել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Եթէ պաշտօնեայ էք, ձեր տնօրէնին հետ հարց մը պիտի ունենաք: Անմիջապէս բացատրութիւն պիտի պահանջէք, եւ հարցը պիտի լուսաբանուի: Դուք ձեզ պէտք է պաշտպանէք եւ ո՛չ մէկ բան առկախ ձգելու էք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կարգ մը հարցերու դիմաց հանդարտ մնացէք եւ վերջին ըսուելիք խօսքը սկիզբը մի՛ ըսէք, որպէսզի հարցը չբարդանայ: Լռութեամբ աւելի դիւրին է հասկացողութեան գալ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յաջորդական կարեւոր գործեր ձեզ յոգնեցուցած են, եւ դուք կատարեալ հանգիստի պէտք ունիք: Առանձնացէք եւ ձեր կապերը խզեցէք արտաքին աշխարհին հետ, որպէսզի կարենաք ձեր հանգիստը գտնել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարծէք` ձեր մտածումներուն մէջ կորսուած էք: Ձեւով մը կ՛ուզէք հեռու մնալ ընկերութենէ, որպէսզի սխալ կարծիքներ չկազմեն ձեր մասին: Ասիկա անշուշտ ժամանակաւոր է, եւ դուք կը վերադառնաք ձեր բնականոն կեանքին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նոր գործ մը ձեռնարկած էք եւ դժուարութեան ենթարկուած էք: Փորձառու անձի մը օգնութեան դիմեցէք, որպէսզի կարենաք յաջողիլ եւ յառաջանալ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի կատարէք դիտողութիւններ, որոնք իրաւացի չեն եւ պիտի չընդունուին անշուշտ: Ձեր արտայայտութիւններուն ուշադրութիւն ըրէք, որպէսզի անձեր չվիրաւորէք եւ հակառակորդներ չունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ պատասխանատուութիւններ յանձն կ՛առնէք: Ձեր ուժերէն վեր գործեր մի՛ ստանձնէք, կրնաք վնասել եւ զանոնք կիսատ ձգել: Ձեր կարողութեան չափով աշխատեցէք, որպէսզի չտկարանաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ձեր ասպարէզը այլեւս չէք սիրեր, կրնաք փոխել զայն: Դուք այլազան գործեր ընելու կարողութիւնը ունիք, փորձեցէք եւ փաստեցէք, որ դուք շատ բաներ ընելու կարողութիւնը ունիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գործ մը սկսած էք եւ արդէն յուսահատած էք: Ինչո՞ւ ձեր թեւերը շուտով վար կ՛առնէք: Յաջողութիւնը յարատեւութեան մէջ կը կայանայ: Ուրեմն, շարունակեցէք, որպէսզի արդիւնքի մը հասնիք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընտանիքը ամէն բանէ վեր է ձեզի համար, ընտանիքին անդամներուն յաջողութեան համար կրնաք ձեր հաճոյքներէն զրկուիլ եւ զոհողութիւններ ընել անոնց համար:
