Միջազգային դաշինքն ու Միացեալ Նահանգները Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը ռմբակոծած են, ինչպէս Գերմանիոյ Տրեստըն քաղաքը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ` գրեթէ զայն ջնջելով երկրի երեսէն եւ սպաննելով քանի մը հազար խաղաղ բնակիչ: «Իզվեսթիա» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր հազարապետ-զօրավար Իկոր Քոնաշենքով:
«Ռաքքան արժանացած է ճակատագիրին 1945 թուականի Տրեստընի, որ ջնջուած է երկրի երեսէն անգլօ-ամերիկեան ռմբակոծումներուն հետեւանքով», ըսած է զօրավարը:
Ան նաեւ նշած է, թէ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Գերմանիան մտադիր են Ռաքքային միջոցներ տրամադրել` մերժելով Սուրիոյ այլ շրջաններուն տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւնը:
«Այժմ Ուաշինկթըն, Փարիզ եւ Պերլին կը յայտարարեն միլիոնաւոր տոլարներու եւ եւրոյի շտապ յատկացման մասին` քաղաքին մէջ խաղաղ կեանքի վերականգնման համար, մինչդեռ իրականութեան մէջ անոնք կը ձգտին կարելի եղածին չափ շուտ վերցնել ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրուող Ռաքքայի աւերակներու տակ հազարաւոր մարդիկ թաղած Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային դաշինքի օդուժներու բարբարոսական ռմբակոծումներուն հետքերը», ըսած է Քոնաշենքով: