Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի.- Գտնե՛լ, Ձեւակերպե՛լ, Կենսաւորե՛լ, Տարածե՛լ Կեանքի Հայոց Բանաձեւը

Հոկտեմբեր 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թարգմանչաց յիշատակը կը նշենք այսօր: Եւ` ոչ միայն: Թարգմանչաց տօնը ուղղակիօրէն առնչուած է ուսուցչի առաքելութեան: Կը նշանակէ` Սահակ կաթողիկոսի, Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Վռամշապուհ արքայի բացած ուղին անցեալէն ապագայ կը կամրջուի: Արդարեւ, անցեալը, պատմութիւնը կը մնայ անհոգի, անվաղորդայն, եթէ ան առարկայական դերակատարութիւն չունենայ ներկային ու ապագային մէջ: Մեր խնդիրները անցեալէն կու գան, սակայն իրենց առանցքով ապագային ուղղուած են, որ մշուշոտ ու անորոշ կը մնայ:

Գիրը, լեզուն, անոնցմով ստեղծուած եւ պահպանուած յիշողութիւնը, գրականութիւն ու մշակոյթ` զէնքեր են, որոնք չեն հինցած, չեն ժանգոտած, պատմութեան պէտք չէ անցնին: Ազգովին կը պարտուինք, եթէ անձնատուր ըլլանք արդի աշխարհին` գիրը, լեզուն նկատելով պատմական ժառանգութիւն, ներկայէն անջատուած, եթէ անոր դերակատարութիւնը սահմանափակենք գաղափարներով, որոնք, վերջին հաշուով, սոսկական հայուն առօրեային հետ առնչութիւնը կորսնցուցած են կամ կորսնցնելու վրայ են:

Աշխարհի երեսին տարտղնուած մեզի նման ազգային հաւաքականութիւնը հզօր կռուանի կարիքն ունի` ինքնութիւն պահելու եւ զայն առաքելութեան վերածելու: Ինքնութիւն պահելը ինքնանպատակ չէ, չի կրնար կենսունակ մնալ, կը դառնայ արհեստական, նոյնիսկ` հայրենի հողին վրայ, ա՛լ ուր մնաց` օտարութեան: Առաքելութիւնը իւրայատո՛ւկ առաքելութիւնն է, որ անոր մղում կու տայ եւ այժմէական կը պահէ: Այս մեկնակէտէն ալ փորձենք պարզել մեր միտքը:

Խօսքը` բանը գաղափար է: Եւ սկիզբէն այդպէս է: Կարելի ալ չէ խօսքը գաղափարէն առանձնացնել, անհեթեթ կը դառնայ: Իսկ գաղափարը սերունդներ, հարիւրամեակներ, հազարամեակներ կը փոխանցուի գիրով ու գրականութեամբ: Մենք հարուստ ենք գիրով ու գրականութեամբ: Այսօր ալ կը ստեղծուի գիտական թէ գեղարուեստական գրականութիւն: Լեզուն իր գիրով չէ մաշած, ընդհակառակը, կրնանք ըսել նոր` արմատական լուսաբաց կրնայ ողջունել եկող տասնամեակներուն: Այդ չէ մեր տկար կէտը, ինչպէս ըսինք` գիր-գրականութեամբ, ըսել է գաղափարո՛վ, մենք հարուստ ենք եւ չենք զիջիր ո՛չ ապրող, ո՛չ ալ մեռած ազգերուն:

Պատմութիւնը կ’աւանդէ, որ հայոց հասակակից, տարեկից կամ աւելի նոր ազգեր ու լեզուներ այսօր գոյութիւն չունին պարզապէս կամ միայն մատենագրութեան մէջ կը յիշուին: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ եղած են ժամանակի հզօրներէն, կայսրութիւններ հաստատած ու աշխարհ ղեկավարած են: Սակայն անոնք յիշատակ են այսօր, չկան:

Իսկ պատմահօր բնորոշումով, հանուր հիւսիսականաց վեհագոյնը` Հայաստանը դեռ կանգուն կը մնայ իր գիր ու խօսքով, ժողովուրդով: Պատահականութի՞ւն է, թէ՞ զուգադիպութիւն, բա՞խտ, թէ՞ տոկունութեան վկայութիւն: Ի վերջոյ հզօր պատճառ մը պէտք է ըլլայ, աւելի՛ հզօր, քան` մեր պարտութիւնները, օտար բանակներու նուաճումը մեր հայրենիքին, անոր մասնատումները, յաճախակի կոտորածները, բռնագաղթերը, վերջապէս` Ցեղասպանութիւնը:

Ուրեմն եղած է թաքնուած աւելի հզօր ուժ մը, նիւթական հզօրութեան հակադրուող տուեալ մը ունեցած է միշտ հայը, որ զինք պատմութեան թատերաբեմին վրայ պահած է, այնտեղ դեր ունեցած է միշտ, իրեն համար դերեր սահմանած է տարբեր դարաշրջաններու: Ճիշդ է` հայոց պատմութիւնը գերազանցապէս անհատներու պատմութիւն է պետականութեան բացակայութեան իսկ պետականութեան ներկայութեան` արքայի, իշխանի, կաթողիկոսի, սպարապետի կամ… դաւաճանի: Եւ պետութեան բացակայութեան վառ անհատականութիւններ պատմութիւն կերտած են, ու անոնք կցուած են ազգի պատմութեան: Վերջին հարիւր երեսուն, հարիւր քառասուն տարին է, որ մեր պատմութիւնը գաղափարական համակարգերու առանցքին շուրջ զարգացում ապրեցաւ:

Եւ կարելի է ըսել, որ մեր թուլութիւնը, մեր պարտութիւնները մեծ մասամբ առնչուած են անհատ-հաւաքականութիւն հակասութիւններուն: Անհատի համար ձեռնտու լուծումը հաւաքականութեան կեանքը կործանման եզրին հասցուցած է յաճախ: Բացառութիւններ միշտ ալ եղած են:

Մեր ներկան հիմնովին կը տարբերի նոյնիսկ մօտիկ անցեալի պատմութենէն, իսկ մեր միտքը կը զբաղեցնէ բացառութիւնը շրջելը եւ օրինաչափութիւն մը հաստատելը` իբրեւ ընդունուած եւ բնական կապակցութիւն անհատ-հաւաքականութիւն, անհատ-անհատ, հաւաքականութիւն-հաւաքականութիւն յարաբերութիւններուն, աւելի հզօր ու հաստատուն կռուան ճարելու, քան` անհատականը կամ հատուածական գաղափարները: Ինչպէս քիչ մը վերը ըսինք, տարտղնուած ժողովուրդ ենք, մեր արմատը սակայն կը դիմանայ: Կա՛նք: Անառարկելի դիմացկունութի՛ւն մը ունինք:

Արդի աշխարհին մէջ պիտի կարենանք այդ դիմացկունութիւնը բացատրել նախ մենք մեզի ու գիտակցաբա՛ր գործածել զայն եւ ընդհանրացնել, լայն հասարակութեան սեփականութիւնը դարձնել: Հիմքը գաղափարն է: Խօսքը` բանը, որով այնքան հարուստ ենք: Իսկ զայն փոխանցող գլխաւոր գործիքը աներկբայօրէն հայոց լեզուն է:

Չենք հաւատար, որ լեզուն առանց գաղափարի, սոսկ իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց, ինքնութիւն կը կերտէ: Լեզուն պիտի կրէ գաղափա՛ր, կեանքը վարելու ուրո՛յն բանաձեւ, որպէսզի արժեւորուի, առաւելութիւն ստանայ: Իսկ առաւելութեան ձգողականութիւնը, տուեալ ժամանակին անսխալ համախմբող ուժը ներկայիս չի կրնար սահմաններ ունենալ, պետական թէ ազգային: Սահմանափակումը ժամանակաւոր լուծումներ կրնայ բերել ազգային թէ պետական մեր խնդիրներուն:

Ազգը գաղափարի խարիսխն է` իր լեզուով, մշակոյթով ու քաղաքակրթական հեռանկարով, իսկ պետութիւնը այն կառոյցն է, որ կը սնուցանէ, կը հարստացնէ, կը կարգաւորէ եւ կազմակերպուած ուժականութիւն եւ հետեւողականութիւն կը հաղորդէ գաղափարին: Մինչեւ Խորհրդային Հայաստանի անկախացումը` կենսունակ էր միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի գաղափարը: Զանգուածներ զայն կ’ընդունէին ու կը բոլորուէին անոր շուրջ` Երկրէն ներս թէ անկէ դուրս: Անկախ պետականութեան հռչակումը, միացեալին չհասած, գաղափարական աստիճանական յառաջխաղացքի կարիքը հրամայական կը դարձնէ: Արդարեւ, յաղթանակ հասկացողութիւնը, առանց այդ անցումին, խիստ ժամանակաւոր ու վտանգուած պիտի մնայ, եթէ չյաջողինք ձեւակերպել ու մարմին, կերպարանք տալ գլխատառ Գաղափարին, որ աւելի ընդհանրական է եւ մարդկութեան ապագային կը վերաբերի:

Մարդկութեան ներկան, հսկայ ու ծանր իր պատմական ժառանգութեամբ, հակառակ գիտութեան աննախընթաց յառաջընթացին, Երկիր մոլորակն ու Մարդը չեն ազատագրած կապանքներէ ու կաղապարներէ: Մարդկութեան թէ հայութեան կեանքը դժոխքներու բաժին դարձան եւ կը շարունակեն մնալ` հակառակ երեւութական նուաճումներուն: Ցաւը այն է, որ ստեղծուած նիւթական արժէքներու գերակշիռ մասը գաղափարական հիմնաւորումով իսկ Մարդու ստրկացման կը ծառայէ, իսկ մարդկութիւնը հազուադէպօրէն կ’ընդվզի ու կը ծառանայ ո՛չ թէ իշխողներու եւ շահագործողներու դէմ, այլ` զանոնք առաջնորդող գաղափարին, դրուածքին դէմ, որոնք յատկութիւն ունին տէր փոխելու եւ աւելի կատարելագործուելու, սակայն` երբե՛ք նահանջելու:

Կեանքը պայքար է, որմէ յոգնածին հանգիստը գերեզմանն է: Կարեւորը կը մնայ պայքարի թիրախի ընտրութիւնը: Եթէ երէկ սուլթանը, ցարը կամ շահնշահն էր թիրախը, անոնք փոխարինուեցան աւելի կատարելագործուած ոճրագործներով, իսկ արդիւնքը ոչ միայն չփոխուեցաւ, այլեւ աւելի խոր եւ հիմնական աւեր թողուց իր ետին: Կը հետեւի, որ այսօր ու վաղը սուլթաններու, ցարերու եւ շահնշահներու փոխարէն` պէտք է պայքարինք զանոնք սնուցանող ու օրինականացնող գաղափարներուն դէմ: Առանց հերքելու կամ ուրանալու անհատի դերը ոճիրի թէ բարիքի մէջ` անոնց դէմ պայքարը թէ ջատագովումը պիտի ընդհանրացնել` խումբէն հատուած, հատուածէն համայնք ու ազգ եւ անկէ ալ դուրս, աւելի լայն հասարակութիւններ:

Անցած դարերուն առաւելագոյնը վարչակարգեր տապալելով փորձեցին փոխել աշխարհի կարգն ու սարքը: Հիները թէ նորերը ղեկավարող օրէնքներու ոգին, սակայն, պահուեցաւ անփոփոխ: Մարդկութիւնը աւելի երջանիկ չդարձաւ այդ շպարային փոփոխութիւններէն: Նոր վարչակարգերը նուազ վայրագ ու մարդակեր չեղան նախորդներէն:

Հայը միշտ ծառայեց տիրողին ու քաղաքակրթական իր դերը սահմանափակեց ներազգային կեանքին մէջ արտօնուած ներգործութեամբ: Նոյնիսկ երբ ընդվզեցանք, քաղաքակրթական մեր ներգործութիւնը մնաց տիրող օրէնքներու ոգիի սահմաններուն մէջ, ու երբեք չփորձեցինք այդ ոգիին տխեղծութիւնը բացայայտելով` աւելի առողջն ու կենսունակը առաջադրել: Թէեւ նման առաջադրանք երկրի մը սահմաններուն մէջ պարտկել կարելի չէ, սակայն տեղէ մը պիտի սկսիլ:

Հազարամեակներ կուտակուած ազգային մեր արժէքներուն, գլխաւորաբար` գիր ու բանին, ինչպէս քիչ վեր կ’ըսէինք, նոր շունչ պիտի տալ, անցեալէն ներկայ պիտի տեղափոխել ու ներգործական դարձնել` անընդհատ հարստացնելով:

Մեր ստեղծարար ոգին ու թռիչքը գիրէն ու գիրքէն կեանք դարձնելով` ոչ միայն ատակ ենք, այլ պարտաւո՛ր ենք դրական բեւեռի միջուկ ձեւաւորել ու կրաւորականութենէ դուրս գալով` թէ՛ ազգային կեանքը լիցքաւորել եւ թէ՛ մասնակից դառնալ աշխարհի կերպարանափոխման, կեանքը դարձնելով աւելի կատարեալ եւ արարչավայել:

Պատմութիւնը, անցեալի մեծերն ու անոնց գործերը ապագայի ուղեցոյց ծառայելով կ’արժեւորուին ու կ’ապրին: Անոնք աւելին են տարին մէկ անգամ յիշատակութեան արժանի դասուելու համար: Հայոց լեզուն կրողն է, որ իր կեանքով ամէն օր կը յաւերժացնէ անով փոխանցուած Կեանքի Բանաձեւը` երբեք չգերադասելով մահը, իբրեւ միջոց կամ նպատակ:

Կեա՛նքը, Մարդն ու իր տեսակի զարգացումը, ազնուացումն ու կատարելագործումն է արարչութիւնը: Ամէն ինչ ստորադաս է եւ կոչուած է սոսկ այս նպատակներուն ծառայելու, որոնց երկարակեացութիւնը կախում ունի իրենց տուած արդիւնքէն: Մարդը չէ ստեղծուած գաղափարներու ծառայելու, հակառա՛կը, գաղափարներն են, որ պիտի ծառայեն Մարդուն ու անոր նպատակներուն:

Հայոց դարերով կուտակած գրական ու մշակութային հսկայ հարստութեամբ լիացած` հաւաքական եւ կազմակերպ քաղաքակրթական ներգործօն դերակատարութիւնը կարո՛ղ է մարդկութեան համար նոր արահետ բանալ, եւ այս համոզումն իսկ է միջուկը խոր եւ յարատեւ ազգային զարթօնքին:

14 հոկտեմբեր 2017

Նախորդը

Մեր Իրագործումները Եւ Խնդիրները -(Բ.) ԼԵՄ-ականները Միշտ Կը Յուշեն…

Յաջորդը

Տեղեկատու

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?