Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Իրագործումները Եւ Խնդիրները -(Բ.) ԼԵՄ-ականները Միշտ Կը Յուշեն…

Հոկտեմբեր 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Միշտ կը դժգոհինք երիտասարդներէն, թէ անոնք բան մը չեն ըներ, թէ` հիները տարբեր էին, ու նորերուն մէջ եռանդ ու ոգի չկայ, շունչն ու մթնոլորտը բացակայ է: Միշտ կը գանգատինք, որ երիտասարդները օրըստօրէ կը հեռանան ազգային ու մարդկային արժէքներէն եւ կը մխրճուին յոռի երեւոյթներու հոսանքներուն մէջ:

Միշտ ըսելիք ունինք, սակայն հարց չենք տար, թէ մենք ի՛նչ կ’ընենք, որ մեր երիտասարդները մնան մեր շուրջը համախմբուած եւ չհեռանան մեր անմիջական շրջանակներէն: Պատասխանատւութիւնը բոլորին է` առանց բացառութեան:

Երիտասարդները կարիքն ունին աշխատանքային միջավայրի եւ առաջնորդող տիպարներու, որոնց բացակայութեան կրնան կորսուիլ, կրնան մոլորիլ: Միշտ ալ հիները նորերուն նկատմամբ վերապահութիւններ ունեցած են, որովհետեւ պայմաններու փոփոխութեան մէջ ընդհանրապէս չեն կրցած ընդունիլ նորը իր ժամանակակից պայմաններու մէջ: Տասնեակ տարիներ առաջ ալ միեւնոյն դժգոհութիւնները կային, սակայն երթը շարունակուեցաւ ու վաղն ալ պիտի շարունակուի: Այսօր պայմանները փոխուած են, դժուարութիւնները աւելցած են, սակայն ոգին դեռ կ’ապրի, կը շնչէ:

Այս մթնոլորտին մէջ հարկ է գնահատել լաւը, դրական իրագործումը: Երեքշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2017-ին, Պէյրութի «Ֆոր սիզընս» պանդոկի մուտքին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի տղաքը ե՛ւ ներքին ե՛ւ արտաքին առումով դարձան մէկական յուշարարներ:

Լիբանանցիներուն եւ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն կազմակերպած Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան, «Թըրքիշ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան եւ Թրքական մշակութային կեդրոնի անդամներուն ԼԵՄ-ականները քաղաքակիրթ ցոյցով յուշեցին, որ Լիբանանի ընկերութեան կարեւոր մէկ հատուածը կը մերժէ թրքականին ներկայութիւնը, որովհետեւ Թուրքիա ցեղասպան է եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործած է:

Իսկ աւելի էականը այն է, որ ԼԵՄ-ականներ այս նախաձեռնութեամբ ներհայկական առումով անգամ մը եւս յուշեցին, որ թշնամիին հետ գործակցիլը մեղսակցութիւն է, երբ բազմաթիւ հայեր անցնող շաբաթներուն թրքական ծովափները վայելեցին, իրենց հացի աղբիւրը Թուրքիան սեպեցին®

Թքած ունիմ այդ անիծուած աղբիւրին…

Յարգանք ու վարձքը կատար ԼԵՄ-ականներուն, որոնք երէկ, այսօր եւ վստահաբար վաղը պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` յուշել մեր սկզբունքները եւ հաւատարիմ մնալ մեր ժողովուրդին ու դատին ծառայելու սրբազան առաքելութեան:

 

 

Նախորդը

Մեր Ապագայ Լրագրողները

Յաջորդը

Խմբագրական «Յուսաբեր»-ի.- Գտնե՛լ, Ձեւակերպե՛լ, Կենսաւորե՛լ, Տարածե՛լ Կեանքի Հայոց Բանաձեւը

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?