ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ
Ի՞նչ պէտք է սորվեցնել մե՛ր «ԱՊԱԳԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ»-ուն: Ո՞վ պիտի ըլլայ անոնց ուսուցիչը: Որո՞ւ օրինակին պիտի հետեւին անոնք: Ի՞նչ կ՛ակնկալուի անոնցմէ:
Ասոնք պարզապէս հարցումներ չեն, այլ ստո՛յգ մտավախութիւններ մեր առօրեային հետ կապուած` տեղեկագրական լրատուամիջոցներու առնչութեամբ: Թէեւ կասկած չկայ այդ ուսուցիչներուն ունեցած խորունկ գիտութեան մասին, սակայն այն գիտութիւնը, որ անոնք պիտի ուզեն ջամբել մեր մատղաշ սերունդին, որպէսզի անոնք ըլլան մեր ապագայի լրագրողներն ու խմբագիրները, պէտք է ըլլայ ամբողջական: Աւելի պարզ խօսքով, այն հմտութիւնները, որոնք անոնք կ՛ուզեն սորվեցնել նոր սերունդին, պէտք է ըլլան անկողմնակալ ու ճշմարիտ զգեստաւորումով օժտուած եւ ոչ թէ` քողարկուած կամ ուրիշներուն հաճելի թուելու ակնկալութիւններով պայմանաւորուած:
Ճշմարտութիւնը, ի՛նչ ալ որ ըլլայ անոր նպատակակէտը, միշտ ալ հետապնդած է անկէ խուսափիլ փորձող անհատը… Մեղաւորը չ՛ուզեր իմանալ զայն կամ կը փորձէ խուլ ձեւանալ, եթէ նո՛յնիսկ անոր ձայնը Լոնտոնի Պիկ Պենի ղօղանջին նման ուժգին է եւ զայն լռեցնելը անկարելի` ժամանակէն առաջ:
Ճշմարտութիւնը չիմանալը նեղութիւն եւ ցաւ կը պատճառէ խնդրոյ առարկայ անձին, որովհետեւ անորոշութեան մէջ խարխափելը վրդովեցուցիչ է: Ճշմարտութիւնը իմանալը` նոյնպէս, որովհետեւ ձեռք բերուած արդիւնքը չի համապատասխաներ ակնկալուածին` յաճախ պատճառ դառնալով նոյնիսկ ատամներու կճրտումին` անզօրութեան պատճառով: Իսկ զայն իմանալով հանդերձ, չկարենալ ելք մը գտնելը` արդար լուծումի մը յանգելու համար, զանգուածին յանձնուիլն է անոր հաճելի թուելու նպատակով, Պիղատոսի նման ձեռքերը լուալով:
Եթէ ճշմարտութիւնը չփոխանցուի հարազատութեամբ, ոչինչ կարելի է փոխել ներկայ կացութենէն: Ունկնդիրը պէտք է իմանայ ամբո՛ղջ իրողութիւնը, որպէսզի գործը ըստ այնմ ընթանայ, եւ նեղութիւն պատճառող ծալքերը հարթուին: Ուրեմն ճշմարտութիւնը ծածկելը մեծ սխալ պիտի ըլլար, որ պիտի խանգարէր հանգոյցը քակելուն: Երբ Մեծն Աղեքսանդր չկարողացաւ քակել Գորդեան հանգոյցը, սուրի մէկ հարուածով կտրեց զայն, այսինքն ան ուժ գործածեց հարցին լուծման հասնելու համար: Այլ խօսքով, երիտասարդ ըլլալուն` ան անզուսպ էր եւ անոր կը պակսէր համբերութիւն: Իր պարագային, իր վարմունքը ոչ մէկ անդրադարձ ունեցաւ ուրիշին վրայ, ոեւէ մէկը վնաս չկրեց: Սակայն, երբ հարցը ժողովուրդի մը ճակատագրին կը վերաբերի, համբերութիւնը կեանք կը պարգեւէ: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ` «Տասը խորհէ, մէկ գլորէ»: Հոս, խոհեմութիւնը պայման է որովհետեւ սխալ քայլ մը կրնայ մեծ աղէտ պատճառել: Բայց եւ այնպէս, ճշմարտութիւնը ծածկելը կամ մեղմասացութիւններով համեմելը համազօր է սխալ արարքի մէջ գտնուողներուն հետ համագործակցութեան, նո՛յնպէս ալ` ճշմարտութիւնը բացայայտել ուզող անձերուն արգելք հանդիսանալը: Թոյլ տուէք այս վերջիններուն, որ իրենց մտածումները կարենան հասցնել հոն, ուր որ պէտք է, որպէսզի ժողովուրդը արթննայ իր թմբիրէն, եւ կեղեքիչները զգաստանան… Ահաւասիկ առաջին դասը, որ պէտք է փոխանցել տալ անվարժներուն` ճշմարտութիւնը բացայայտել քա՛ջաբար… Առա՛նց վերապահութեան:


