ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր աշխատակիցներուն հետ աշխատանքը բացառիկ արդիւնքներ կու տայ, քանի որ ձեր բոլորին տեսակէտը եւ մտածումները նոյնն են: Ընդհանուր համերաշխութիւն կը տիրէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ամէն հարց կամ դժուարութիւն իր լուծումը ունի: Դուք ձեր հանդարտութեամբ եւ հեռատեսութեամբ դժուարութիւնները միշտ կը յաղթահարէք: Ձեզ խանգարող արգելքները միշտ կ՛անտեսէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Գործունեայ էք եւ կազմակերպող, ընկերութեան մէջ փնտռուած անձ մըն էք, եւ ձեր կարծիքները միշտ կը գնահատուին. ո՛չ մէկ օգնութիւն կը մերժէք եւ միշտ սրտի գոհունակութիւն կ՛ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամուրի՞ էք: Ուշադրութի՛ւն ըրէք: Ձեր շուրջը անձ մը կայ, որ ձեզմով կը հետաքրքրուի եւ կը ջանայ ձեզի հետ մտերմանալ: Մի՛ անտեսէք զինք, քանի որ ձեր նկարագրին եւ ճաշակին յարմար անձ մըն է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանիքին մէջ պատահած դէպք մը ձեզ չի հետաքրքրեր, եւ անտարբեր կը մնաք: Ձեր ընտանիքը ձեր օգնութեան կարիքը ունի: Ուրեմն ձեր մասնակցութիւնը բերէք, որպէսզի բեռը թեթեւնայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր շուրջը բարեկամի դիմակով հակառակորդներ կը գտնուին: Ուշադրութի՛ւն ըրէք եւ հեռու մնացէք կեղծաւոր անձերէ, որոնք ձեր յաջողութիւնը չեն փափաքիր:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ ձեր պատասխանատուութիւնը ստանձնեցէք: Դուք շատ կարող անձ մըն էք, ամէն ինչ յաջողութեամբ կը կատարէք եւ կորսնցնելիք ոչինչ ունիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր բարեկամները ձեր վրայ մեծ համարում ունին եւ միշտ ձեզ կը գնահատեն: Համեստութիւն մի՛ ձեւացնէք, քանի որ դուք արժանի էք այդ բոլորին: Ուրախութեամբ ընդունեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Յանկարծ ձեր ճաշակը եւ բնաւորութիւնը պիտի փոխուին, եւ բոլորովին տարբեր կեանք մը պիտի ունենաք: Արդեօք ձեզի սիրելի անձի՞ մը համար կ՛ընէք այս ամէնը: Եթէ այդպէս է, յաջողութի՛ւն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անկեղծ եւ ազնիւ բարեկամներով շրջապատուած էք եւ շատ հաճելի կեանք մը կ՛ապրիք. ձեր մօտիկներէն անձ մը ճակատագրական դեր մը պիտի ունենայ եւ ձեզի յարմար գործ մը պիտի առաջարկէ, որմէ շատ գոհ պիտի մնաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ նոր ասպարէզ մը որդեգրած էք, հետապնդեցէք, քանի որ աստղերը յաջողութիւն կը նախատեսեն: Վերջապէս խաղաղ կեանք մը պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օտար մշակոյթներով հետաքրքրուեցէք, որպէսզի ձեր գիտութիւնը եւ ճաշակը բարձրանան: Ասոր համար կ՛արժէ ճամբորդութիւն մը կատարել, որուն ընթացքին նորութիւններու պիտի հանդիպիք:
