Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարաւան 1915» Ժապաւէնը Կը Վերցուի Թուրքիոյ Սրահներէն

October 19, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Կարաւան 1915» ժապաւէնը հոկտեմբեր 11-ին ետ քաշուեցաւ Թուրքիոյ շարժապատկերի սրահներէն:

Ժապաւէնին բեմադրիչը` Իսմայիլ Կիւնեշ, նշած է, որ ժապաւէնին ցուցադրութեան հարցով լուրջ ընդդիմութեան կը հանդիպի, աւելցնելով, որ տարբեր խնդիրներ դիմագրաւած է նաեւ ժապաւէնին պատրաստութեան ընթացքին:

Կիւնեշ ըսած է, որ ժապաւէնը 54 սրահներու մէջ ցուցադրելու համար նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր, ապա դժուարութեամբ կարելի եղած էր այդ թիւը հասցնել 84-ի, հակառակ անոր որ ջանք տարուած էր ժապաւէնը ցուցադրելու առնուազն 300 սրահներու մէջ:

Ըստ բեմադրիչին, բուն խնդիրը թրքական հասարակութեան մէջ Հայկական հարցին մասին բացարձակ անտեղեակութիւնն է:

Միաժամանակ, թրքական «https://www.gazeteduvar.com.tr» կայքին վրայ հրատարակուած է յօդուած մը, որուն հեղինակը` Ազիզ Եաղան, կը նշէ, որ այս ժապաւէնը ցոյց կու տայ այն ամէն ինչը, որ թուրքերը երկար տարիներով կը փափաքին ներկայացնել աշխարհին` Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ան կը գրէ, որ ժապաւէնին մէջ ցուցադրուած են լաւ հագած եւ ապահով պայմաններու մէջ` դէպի Հալէպ քալող հայեր, որոնք օսմանցի պաշտօնեաներու հսկողութեան տակ են, բայց ապահովուած չեն ուտելիքով ու ջուրով:

«Ժապաւէնը կը պնդէ, որ այդ ամէն ինչը, որ հայերուն հետ տեղի ունեցաւ ճամբուն վրայ, տեղահանման որոշումը միամտաբար ստորագրած մարդոց մեղքը չէ՛ր», կը գրէ Եաղան` աւելցնելով, որ ժապաւէնէն նաեւ կարելի է եզրակացնել, որ պետութիւնը այդ ժամանակ ի վիճակի չէր պաշտպանելու հայերը` գաղթի ճամբուն վրայ պատահած աւազակային յարձակումներէն, «թէեւ այդ մէկը ընելու մեծ ցանկութիւն ունէր»:

Ըստ յօդուածագիրին, բուն խոչընդոտողը պատերազմական պայմաննե՛րն էին, որոնց պատճառով նման աւազակներու յարձակումին թիրախ դարձած էին բոլորը, նոյնի՛սկ` պետական կառոյցները: «Ժապաւէնին մէջ ցոյց տրուած են տեղահանութեան օրերուն կորսուած հայ կիներու կերպարներ, որոնք ոչ թէ առեւանգուած են, այլ իրենց յօժար կամքով ապաստանած են իսլամ տղամարդոց մօտ», եզրակացուցած է ան:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Սլաք. Էրտողանական Դասեր Եւ Սկզբունքներ Նաեւ Անգարայի Եւ Պաքուի Համար

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.