ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր զգուշացէք կարգ մը միջադէպերէ, ձեր աշխատավայրին մէջ պիտի պատահին անհասկացողութիւններ, որոնց դուք ալ մասամբ մը մասնակից պիտի ըլլաք. ջանացէք հարցերը մեղմութեամբ լուծել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կարգ մը ընտանեկան դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւէք. սակայն դուք պիտի կարենաք ձեր հանդարտութեամբ լաւագոյն լուծումները գտնել եւ հաւասարակշռել կացութիւնը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ հաճելի օր մը պիտի ունենաք. ընտանեկան խրախճանք, բարեկամներու հետ հանդիպումներ եւ ուրախ մթնոլորտ: Յատկանշականը այն է, որ հեռաւոր երկրէ մը ձեզի մօտիկ անձ մը պիտի ընդունիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատավայրին մէջ որոշ դժուարութիւններու պիտի հանդիպիք. թէեւ շատ մեծ հարցեր չեն, սակայն ձեր տրամադրութիւնը պիտի խանգարուի. համբերութիւն. վաղը աւելի լուսաւոր կ՛ըլլայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ուրախ օր մը պիտի ունենաք. բախտաւոր պիտի ըլլաք. կարծէք բարի պարիկ մը կը գտնուի ձեր վերեւ. օգտուեցէք առիթէն եւ օրը լաւագոյն ձեւով վայելեցէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Լուսինը բախտաբեր պիտի ըլլայ այսօր. ձեր բոլոր ծրագիրները եւ փափաքները դիւրութեամբ պիտի կատարէք. վայելեցէք օրը, քանի որ միշտ նոյնը չ՛ըլլար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այսօր ձեր աստղերը շատ փայլուն են. ինչ բանի որ ձեռնարկէք, յաջողութեամբ պիտի պսակուին: Օրը չաւարտած ձեր տուած որոշումները իրագործեցէք, որպէսզի չզղջաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր լուսինը բախտաբեր պիտի ըլլայ. կարգ մը նիւթական հարցեր պիտի լուծէք, իսկ միւս կողմէ ալ ձեր ձեռքը որոշ գումար մը պիտի անցնի. արդեօք ամսական յաւելո՞ւմ մը պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ դիւրին եւ յաջող առօրեայ մը պիտի ունենաք. աստղերը շատ լաւ բաներ կը խոստանան ձեզի: Երեկոյեան համար անակնկալ հրաւէր մը պիտի ստանաք, ինչ որ շատ հաճելի պիտի թուի ձեզի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարգ մը աշխատանքներ պիտի առաջարկուի ձեզի, անոնք շատ ալ հաճելի պիտի չթուին, ուստի ստիպուած չէք բոլորը կատարելու: Ինչ որ ձեզի հաճելի է այդ կատարեցէք. ձեր տրամադրութիւնը մի՛ խանգարէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նոր ծրագի՞ր մը կ՛ուզէք կիրարկել. անվախ եղէք. աստղերը ներկայ են եւ պատրաստ են ձեզի օգնելու: Թէեւ թերահաւատ էք, սակայն արդիւնքը ձեզ պիտի զարմացնէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Թէեւ յոգնած էք, սակայն այսօր ձեր բոլոր գործերը դիւրութեամբ պիտի կատարէք: Աստղերը օգնութեան պիտի հասնին ձեզի. շաբաթավերջին համար հաճելի պտոյտ մը պիտի ծրագրէք: