Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միայն Մէկ Բան Գործի Կը Ծառայէ Հիւսիսային Քորէայի Պարագային» Կ՛ըսէ Թրամփ

October 18, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Փիոնկիանկի հետ Միացեալ Նահանգներու նախորդ վարչակազմին ապարդիւն բանակցութիւններէն ետք, «միայն մէկ բան գործի կը ծառայէ» Հիւսիսային Քորէայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

«Նախագահները եւ անոնց վարչակազմերը կը խօսէին Հիւսիսային Քորէայի հետ 25 տարիէ ի վեր, համաձայնութիւններ ձեռք կը բերուէին եւ հսկայական գումարներ կը վճարէին: Անօգուտ մնաց, համաձայնութիւնները խախտուած են մելանը չորնալէն առաջ` յիմարացնելով Միացեալ Նահանգներուն կողմէ բանակցողները: Պիտի ներէք, սակայն այս պարագային միայն մէկ բան գործի կը ծառայէ», գրած է Թրամփ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:

«Ռոյթըրզ» կը գրէ, թէ Թրամփ չէ յստակացուցած, թէ ի՛նչ նկատի ունէր, սակայն անոր խօսքերը թերեւս անգամ մը եւս կը վկայեն, որ անոր մտքին մէջ զինուորական գործողութիւնը կայ:

Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ անհրաժեշտութեան պարագային իրենք զիրենք եւ իրենց դաշնակիցները Փիոնկիանկի հիւլէական սպառնալիքներէն պաշտպանելու համար «ամբողջովին պիտի ոչնչացնեն» Հիւսիսային Քորէան:

Թրամփի յայտարարութենէն ժամեր ետք հիւսիսային քորէական պետական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, թէ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն յայտարարած է, թէ երկրին հիւլէական զէնքերը «հզօր կանխարգելիչ միջոցներ են», որոնք կ՛երաշխաւորեն իր գերիշխանութիւնը:

«Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական զէնքերը հզօր կանխարգելիչ միջոցներ են, որոնք ամուր կը պաշտպանեն խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը Քորէական թերակղզիին եւ Հիւսիսարեւելեան Ասիոյ մէջ», ըսած է Քիմ Չեն Ըն` խօսելով «Միացեալ Նահանգներու կայսերապաշտական հիւլէական սպառնալիքներուն մասին»:

 

Նախորդը

Արցախի Եւ Հայաստանի ՀՅԴ Խմբակցութիւններու Հանդիպում. «Չենք Կրնար Շրջանցել Բանակաշինութեան, Սահմանային Իրավիճակներուն Հետ Կապուած Հարցերը»

Յաջորդը

Ծագումով Թուրք Գերմանացի Մը Կալանաւորուած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.