ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անտրամադիր էք, եւ ո՛չ մէկ բան կը հետաքրքրէ ձեզ. մտահոգիչ չէ, պատահական է: Քանի մը օրէն ձեզ հետաքրքրող բաներ պիտի պատահին, եւ դուք ձեր այդ վիճակէն պիտի ձերբազատիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ հաճելի օր մը պիտի ունենաք: Ձեզի սիրելի անձեր պիտի ընդունիք, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր չէիք տեսած: Նոյնիսկ ընթրիք մը կը նախատեսուի, որուն ընթացքին անակնկալներու պիտի հանդիպիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ամուսնացած զոյգերը իրենց սէրը պիտի ամրապնդեն, իսկ ամուրիները պէտք է շրջահայեաց ըլլան: Իրենց շուրջը իրենց յարմար անձեր կը գտնուին: Պէտք է, որ մօտիկութիւն ցոյց տան եւ իրենց զգացումները արտայայտեն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր յարաբերութիւններուն մէջ աւելի դիւանագէտ եղէք, որպէսզի ձեր դիմացինները չվիրաւորուին: Ամէն անձ նոյն ձեւով չի մտածեր: Ձեր կարծիքները ուրիշներու մի՛ պարտադրէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Երիտասարդները ինքնագլուխ գործեր պէտք չէ ընեն: Անոնք լաւ կ՛ընեն, եթէ մեծերուն խորհուրդին հետեւին: Մեծերը իրենց օգնութեամբ կրնան երիտասարդներուն օգտակար ըլլալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը շատ փայլուն եւ ուրախ պիտի ըլլայ, եւ անակնկալներու շարք մը պիտի ունենաք, այնքան, որ դուք ալ պիտի շուարիք. իսկ մեծագոյն անակնկալը հաւանաբար ըլլայ այն, որ ձեր մէկ սիրած անձը իր փոխադարձ սէրը արտայայտէ ձեզի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր մէկ ծրագիրին գործադրութեան եւ յաջողութեան համար օգնողներ պիտի ունենաք: Դուք, որ թերահաւատ էիք ձեր գործին յաջողութեան համար, պիտի զարմանաք: Այսպէս, շարունակեցէք, լաւ ճամբու վրայ էք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոր շրջանակի մը մէջ պիտի գտնէք նոր անձեր, որոնք շատ հաճելի պիտի թուին ձեզի: Այս շրջանակը ձեր կեանքը բոլորովին պիտի փոխէ, եւ դուք ձեր երազները պիտի կարենաք իրագործել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նոր գործի մը պիտի սկսիք, որ շատ ծանօթ չէ մեզի: Ձեր գործակիցներուն օգնութեան դիմելով` կարճ ժամանակի մը մէջ պիտի հմտանաք եւ ձեր առաւելագոյն արդիւնքը պիտի տաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր աշխատավայրին մէջ դժուարութիւններ ունիք. պէտք չէ յուսահատիլ, յաջորդող օրերը աւելի փայլուն պիտի ըլլան, եւ դուք բոլոր դժուարութիւնները պիտի մոռնաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Յաճախ ուրիշներուն օգնութեան կը հասնիք, սակայն կը կարծէք, որ դուք օգնողներ չունիք: Այս կը նշանակէ, որ դուք կրնաք ամէն ինչ առանձին կատարել: Աւելի լաւ չէ՞ արդեօք այսպէս:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր խնդրանքները յաճախ կը մերժուին. արդեօք սխալ ձեւո՞վ կը յայտնէք ձեր փափաքները. աւելի լաւ սերտեցէք եւ աւելի մատչելի եղէք. ձեր շրջապատի անձերը շատ ալ անտարբեր չեն ձեր նկատմամբ:
