1995-ին «Ոսկեայ գնդակ»-ի տիտղոսին տիրացած անուանի նախկին ֆութպոլիստ Ժորժ Ուէա ընտրուեցաւ Լիպերիոյ նախագահ:
Ա. Սէ. Միլանի նախկին ֆութպոլիստը, որ երրորդ անգամ ըլլալով առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը, այս անգամ յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, երբ Լիպերիոյ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթեց իր գլխաւոր մրցակիցին` Ժոզեֆ Պաքային, որ Լիպերիոյ վարչապետն է:
51 տարեկան Ժորժ Ուէա ՖԻՖԱ-ին կողմէ անցեալին ճանչցուեցաւ 20-րդ դարու լաւագոյն ֆութպոլիստը, 3 անգամ` Ափրիկէի լաւագոյն ֆութպոլիստը (1989, 1994 եւ 1995), իսկ իբրեւ ֆութպոլիստ Ա. Սէ. Միլանէն բացի մաս կազմեց նաեւ Մոնաքոյին, Փարիզ Սեն Ժերմենին, Մանչեսթըր Սիթիին, Չելսիին, Մարսէյին եւ Ժազիրային (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):


