Թունուզի մէջ տեղի ունեցող մինի ֆութպոլի աշխարհի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի ազգային խումբը չկրցաւ ապահովել Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Առաջին երկու մրցումներուն իր կրած պարտութիւններէն ետք, Լիբանան երրորդին հաւասարութիւն մը արձանագրելով Փորթուգալի հետ, դուրս մնաց մրցաշարքէն: Առաջին երկուքին Լիբանան պարտուեցաւ Լիպիայէն եւ Թունուզէն:


