«Լը Ֆիկարօ» Սկովտիական Սելթիք ֆութպոլի ակումբի համակիր Ճոն Հաթընին 4 տարի արգիլուեցաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ֆութպոլի դաշտերը մուտք գործել:
Ան 4 տարի կախակայուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Սելթիք – Փարիզ Սեն Ժերմեն («Չեմփիընզ-լիկ») մրցումին դաշտ մուտք գործելով յարձակեցաւ ֆրանսացի սեւամորթ յառաջապահ Քիլիան Մպափէի վրայ:
21 տարեկան Հաթըն իր այս վճիռը ստացաւ դատարանին մէջ տեղի ունեցած դատավարութեան ընթացքին:
Նշենք նաեւ, որ ան պատժուեցաւ 21 ժամ հասարակական աշխատանքի վճիռով:


