Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 82 մեղադրեալներէն 5-ը ազատ արձակուած են դատարանի որոշումով: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»:
Ազատ արձակուածներու շարքին են Սամսունի ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վարչութեան նախկին աշխատակիցներ Մեթին Պալթան եւ Ահմետ Չեթիներ, ինչպէս նաեւ Տրապիզոնի կիսազինուորական ոստիկանութեան հետախուզութեան գրասենեակի նախկին պաշտօնեաներ Էրկիւն Եորուլմազ, Կազի Կիւնայ եւ Հիւսէյն Եըլմազ:
Նշենք, որ նախապէս Տինքի գործոց մեղադրեալներէն ազատ արձակուած էին ոստիկանութեան չորս նախկին պաշտօնեաներ:
Նախապէս Մեթին Պալթան, որ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք անոր ձեռքը թրքական դրօշ տուած ու միասին լուսանկարուած պաշտօնեաներէն մէկն էր, դատարանին մէջ յայտնած էր, որ իրենց Սամասթը սիրաշահելու հրաման տրուած է անմիջական ղեկավարի կողմէ` քննիչի գործը դիւրացնելու եւ Սամասթէն վկայութիւն կորզելու համար:
Նոյն դատական նիստին ընթացքին պաշտպանական ճառ արտասանած է նաեւ Տրապիզոնի կիսազինուորական ոստիկանութեան հետախուզութեան գրասենեակի նախկին պաշտօնեայ Օքան Շիմշեք:
Ըստ հետաքննութեան, Տինքի սպանութենէն ամիսներ առաջ ան տեղեկութիւն ստացած է, թէ ազգայնական Եասին Հայալ զէնք կը փնտռէ հայ լրագրողը սպաննելու համար, սակայն որեւէ բան չէ ձեռնարկած, աւելի՛ն` սպառնացած է տեղեկութիւն գիտցող աշխատակիցներուն:
Օքան Շիմշէք դատարանին մէջ կտրականապէս հերքած է աշխատակիցներուն սպառնալու մասին մեղադրանքը, միեւնոյն ժամանակ հաստատած է, որ 2006-ի ամրան Տինքի սպանութեան նախապատրաստման մասին տեղեկութիւնը իսկապէս արձանագրած է: Ըստ Շիմշեքի, Ճոշքուն Ըղճըէն ստացած տեղեկութիւնը ինք դատախազութեան չէ յայտնած, այլ նիւթին շուրջ աշխատած է կիսազինուորական ոստիկանութեան հետ, որովհետեւ Ըղճըն, որմէ ստացուած էր տեղեկութիւնը, իրաւական բնագաւառի ներկայացուցիչ չէր:
«Ըղճըի հետ հանդիպելու ընթացքին անոր առաջին արձագանգը այս եղաւ. «Եկած էք զիս տանելո՞ւ»: Հարցուցինք. «Ուրիշ ոեւէ մէկուն պատմա՞ծ ես գիտցածդ»: Ըղճըն պահ մը ջղայնանալով ըսաւ. «Ես թշնամիներ չունիմ, հակառակորդներ չունիմ, ձեզի այս տեղեկութիւնները փոխանցած եմ, դուք ճիշդ չէք գնահատած»: Ինքնաշարժի դուռը զարնելով գնաց», պատմած է Շիմշեք:
Օրեր առաջ կայացած դատական նիստի ժամանակ Տրապիզոնի կիսազինուորական ոստիկանութեան հետախուզական վարչութեան նախկին պաշտօնեայ Վէյսել Շահին Օքան Շիմշեքի հետ Ճոշքուն Ըղճըի հետ ունեցած հանդիպումին մասին ըսած էր. «2006-ի յուլիս-օգոստոս ամիսներուն էր, ծանօթներէս մէկը ինծի հեռաձայնեց, ուզեց հանդիպիլ: Ես եւ իմ անմիջական ղեկավար Օքան Շիմշեքը գացինք, մեզի ըսին, թէ Եասին Հայալը կ՛ուզէ սպաննել հայ լրագրող Հրանդ Տինքը եւ ատոր համար զէնք կը փնտռէ: Նոյնիսկ ըսին. «Չլեցուած զէնք տուէք, ետքը բռնեցէք, թող հրաժարի այդ միտքէն»: Մենք ըսինք, որ այդպիսի բան չենք կրնար ընել: Միւս առաւօտ նիւթին շուրջ ժողով հրաւիրուեցաւ: Լսեցի, որ Տինքի մասին խօսած են ժողովի ժամանակ», պատմած էր Շահին, որուն պնդումով` աւելի ուշ` Տինքի սպանութենէն ետք, անոնց ստիպած են կեղծ վկայութիւն տալ ու հերքել տեղի ունեցածը:


