Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Այս Պայմաններուն Մէջ Պատրիարքական Ընտրութիւն Պիտի Չկատարուի» Կ՛ըսէ Շիրինօղլու

October 12, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ անցեալ շաբաթ, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին մէջ, պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ համայնքային հաւաք մը, որուն ընթացքին, ի միջի այլոց, խօսուեցաւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կատարած պարտականութեան ու պետութեան հետ միջնորդութեան մասին: Կը թուի, թէ այս մասին խօսուածները աւելի ուշ սխալ կերպով փոխանցուած են Շիրինօղլուին, հետեւաբար անցած շաբաթավերջին Պեքճեան սրբազանը փափաքած է նոր հանդիպում մը ունենալ Շիրինօղլուի հետ` յստակացնելու համար կացութիւնը:

Արդարեւ, սրբազանն ու Շիրինօղլուն, Պոլսոյ ազգային դէմքերէն Պօղոս Եըլանի նախաձեռնութեամբ, երկարատեւ հանդիպում մը ունեցան:

Մօտաւորապէս երեք ժամ տեւած ժողովէն ետք, Շիրինօղլու բացատրեց իր տեսակէտները, ըստ որոնց` հայ համայնքին մէջ համերաշխութիւն պէտք է հաստատուի եւ` «ա՛յդ կերպով պէտք է ներկայանանք կառավարութեան»:

Շիրինօղլուի խօսքերով` տրուած ըլլալով, որ ինք հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ է, պետական շրջանակները իրեն հետ կապ կը հաստատեն` հայ համայնքի գործերուն կապակցութեամբ, իսկ ինք եւս այս առիթէն օգտուելով` կը ջանայ լաւագոյն ծառայութիւնը մատուցել համայնքին. ան աւելցուց. «Կը յուզուիմ, երբ իմ մասիս սխալ եւ անիրաւ խօսակցութիւններ կը կատարուին»:

Շիրինօղլու յստակ կերպով ըսաւ, թէ այս պայմաններուն մէջ պատրիարքական ընտրութիւն երբե՛ք պիտի չկատարուի: «Պետութիւնը անհանգիստ է Արամ սրբազանի փոխանորդի պաշտօնին ջնջումէն, ինչպէս նաեւ Մեսրոպ պատրիարքի պատրիարքական պաշտօնին վերջ տալէն, կամ` «Մեր պատրիարքը կ՛ուզենք» կոչուած հարթակին մէջ կատարուած խօսակցութիւններէն: Պատրիարքը ո՛ղջ է տակաւին, ու պետութիւնը կը սպասէ, որ Արամ սրբազանն ու Սահակ սրբազանը (Մաշալեան, Խմբ.) քով-քովի գան, իրարու հետ համաձայնին, որպէսզի Արամ սրբազան դեռ գործէ իբրեւ պատրիարքական փոխանորդ, իսկ Սահակ սրբազանն ալ գործէ իբրեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ: Պէտք է գիտնանք, որ պատրիարքական ընտրութեան արտօնութիւն երբե՛ք պիտի չգայ», ըսաւ Շիրինօղլու:

Միւս կողմէ, այս մասին Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանի հարցումներուն պատասխանելով` Արամ արք. Աթեշեան ըսաւ, որ պատրիարքի տեղապահին հեռացումէն եւ ներկայ նախաձեռնարկ մարմինին լուծումէն ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ ընտրութիւնները իրենց հունին մէջ դնել:

«Ակօս» կը գրէ, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները նախաձեռնարկ մարմինի որոշ անդամներուն նկատմամբ վերապահութիւններ ունին, իսկ տեղապահի ընտրութիւնը ցարդ չեն վաւերացուցած:

Պոլսոյ նահանգապետարանը պէտք է մինչեւ 9 հոկտեմբեր պատասխան տար պատրիարքական ընտրութիւնները կազմակերպող նախաձեռնարկ մարմինին կողմէ անցած յուլիսին կատարուած դիմումին, սակայն ցարդ պատասխան չէ ստացուած:

 

Նախորդը

«Շրջանային Մարտահրաւէրները Դիմագրաւելու Կարեւորագոյն Զէնքը Լիբանանեան Միասնականութիւնն Է» Ընդգծեց Պըրրի

Յաջորդը

Թուրքիա Բողոքագիր Յղած Է Ֆրանսային` Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Հարցով

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.