«Նոր Յառաջ» թերթը կը գրէ, թէ Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը դիւանագիտական բողոքագիր մը յանձնած է Ֆրանսայի կրթութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն:
Բողոքագիրին մէջ գանգատ կը ներկայացուի այն բանին համար, որ Ֆրանսայի երկրորդական վարժարաններու դասագիրքերուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է «1915-ի դէպքեր»-ուն, որոնք Ֆրանսայի կողմէ ընդունուած են իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն:
Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու, քննադատելով խնդրոյ առարկայ դասագիրքերուն մէջ Ցեղասպանութեան նիւթի ընտրութիւնը, ըսած է, որ այդ մասին պնդումները հիմնուած են «կեղծ փաստաթուղթեր»-ու վրայ, փոխանակ անկողմնակալ տուեալներու վրայ հիմնուելու: Նշենք, որ 2015-ին տրուած որոշումով մը, Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան նիւթը կը դասաւանդուի Համաշխարհային Ա. պատերազմին վերաբերող դասանիւթին մէջ: Օրին, Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութիւնը յաջողութեամբ դիմակայած էր այն ճնշումներուն, որոնք ի գործ դրուեցան Անգարայի եւ անոր նեցուկ կանգնողներուն կողմէ:


