Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց եռօրեայ նիստերու, որոնք պիտի գումարուին երեքշաբթի 17, չորեքշաբթի 18 եւ հինգշաբթի 19 հոկտեմբեին, առաւօտեան եւ երեկոյեան:
Նիստերուն ընթացքին պիտի ընտրուին խորհրդարանական յանձնախումբերը, խորհրդարանի երկու ընդհանուր քարտուղարներն ու դիւանը, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկուի 2017-ի պետական ամավարկը:
Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ շրջանային մարտահրաւէրները դիմագրաւելու կարեւորագոյն զէնքը լիբանանեան միասնականութիւնն է:
Ան հաստատեց, որ ներքին լիբանանեան մակարդակի վրայ արձանագրուող բոլոր զարգացումները կը նպաստեն լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումին, որովհետեւ անիկա Լիբանանի հզօրացման հիմնական ազդակն է:
Պըրրի նշեց, որ իրենց առած բոլոր քայլերը, որոնց շարքին նաեւ Քլեմանսոյի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ կը ծառայեն միջլիբանանեան միասնականութեան ամրապնդումին, եւ զանոնք քաղաքական ոչ մէկ ուժի դէմ պէտք է նկատել:
Պըրրի ընդունեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու հեռանկարները:


