Հիւսիսային Քորէայի Ներխուժումը
Հարաւային Քորէա Եւ Ամերիկեան
Զինուորական Միջամտութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հիւսիսային Քորէայի մէջ 1950 յունիսին պատերազմի վերջին պատրաստութիւնները կը տեսնուէին: Միւս կողմէ, 38-րդ հորիզոնականին վրայ դիրքէ դիրք ընդհատ կրակոցներ տեղի կ՛ունենային, յատկապէս` Քեսոնկի եւ Օնճինի գիծերուն վրայ, հրահրուած` հարաւքորէական բանակին կողմէ:
Օնճին թերակղզին կը գտնուի 38-րդ հորիզոնականին արեւմտեան կողմը, բաժնուած` Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու միջեւ: Երեք կողմը` ծով, եւ հարաւքորէական կողմէն միջանցք մը կար իբրեւ հաղորդակցութեան գիծ: Ռազմագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող լեռները կը գտնուին թերակղզիին կեդրոնը: Երկու կողմերն ալ դիրքեր ունէին այդ լեռներուն շուրջ:
Հիւսիսքորէական բանակը յենակէտեր հաստատած եւ ճամբաներ բացած էր լեռներուն վրայ: Իսկ հարաւքորէական բանակը Պուփհօ նաւահանգիստին շուրջ կեդրոնացած էր:
Յունիս 20-էն սկսեալ հարաւքորէական բանակը ականատես էր հիւսիսքորէական դիրքերուն շուրջ եւ բարձունքներուն վրայ զինուորական շարժումներու եւ նորանոր սպաներու ժամանումին:
Օնճինի մէջ հիւսիսքորէական բանակին գլխաւոր յենակէտը կը գտնուէր Քանկրիոնկ գիւղին մօտ, ուր հաստատուած էր երրորդ զօրաբանակը, հետեւակազօրքի 14-րդ գումարտակը եւ մեքենազէն գունդ մը:
Օնճինի հարաւքորէական բանակի դիրքերը մեկուսացած էին: Հետեւակազօրքի 17-րդ գումարտակը տեղաբաշխուած էր 45 քիլոմեթր երկարութեամբ սահմանագիծին վրայ. առաջին ջոկատը կը պաշտպանէր արեւմտեան դիրքերը, երրորդ ջոկատը` արեւելեան դիրքերը, իսկ երկրորդ ջոկատը պահեստի ուժ էր:
Յունիս 23-ին ՄԱԿ-ի դէտեր դիտարկում կատարեցին սահմանագիծի երկայնքին եւ կասկածելի որեւէ շարժում չնկատեցին:
Հարաւքորէական բանակի եւ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան կարգ մը սպաներ նկատողութիւն արձանագրեցին հիւսիսքորէական բանակի շարժումներու վերաբերեալ, մտահոգութիւն արտայայտելով հաւանական յարձակումի մը մասին: Նման նախատեսութիւններ նախապէս ալ եղած էին, բայց որեւէ յարձակում չէր կատարուած: Ամերիկեան կեդրոնական տեղեկատուութեան գործակալութիւնը (Սի.Այ.Էյ.) արձանագրեց սահմանագիծին վրայ հիւսիսքորէական բանակի կեդրոնացումներու մասին, բայց եզրափակեց, որ ատիկա պաշտպանական նկատառումներով է եւ որեւէ յարձակում հաւանական չէ:
Յունիս 24-ի երեկոյեան Հարաւային Քորէայի մէջ ամերիկացի զինուորական խորհրդարաններու ներկայացուցիչ զօրավար Ուիլիըմ Լի Ռոպըրթս վստահութիւն արտայայտեց հարաւքորէական բանակի կազմակերպուածութեան եւ մարտունակութեան մասին եւ հաստատեց, որ պատերազմի որեւէ հաւանականութիւն չկայ:
Հիւսիսքորէական բանակը սահմանագիծին երկայնքին կեդրոնացուցած էր տասը զօրագունդ, որոնց վեցը` 89 հազար զինուորներով, պատրաստ վիճակի մէջ: Իսկ հարաւքորէական բանակը սահմանագիծի երկայնքին կեդրոնացուցած էր 38 հազար զինուոր:
***

Կիրակի, 25 յունիս 1950-ի արեւածագէն առաջ, ժամը 4:00-ին, հիւսիսքորէական բանակը կէս ժամ շարունակ հրետանային ուժեղ կրակի տակ առաւ Հարաւային Քորէայի հետ ամբողջ սահմանագիծը:
Հիւսիսքորէական բանակը յարձակումի անցաւ Օնճին թերակղզիէն եւ սկսաւ յառաջանալ գլխաւոր երեք առանցքներու վրայ: Հարաւքորէական ուժերը, առանց հրետանիի եւ հակահրասայլային զէնքերու, ոչ մէկ դիմադրութիւն կրցան ցուցաբերել եւ սկսան նահանջել:
Հակամարտ ուժերը ձեռնամարտի մտան Օնճինի մէջ: Հարաւքորէական բանակի առաջին գումարտակի հրամանատար Քիմ Հի-թաէ պահեստի ուժերը իջեցուց, բայց սպաննուեցաւ հրետանային կրակէն:
Հիւսիսքորէական բանակի 14-րդ գումարտակը Օնճինի մէջ հրետանային կրակը շարունակեց մինչեւ ժամը 5:30, որմէ ետք խորտակեց հարաւքորէական բանակի պաշտպանութիւնը եւ հրասայլերով ու զրահապատ կառքերով սկսաւ յառաջանալ: Հարաւքորէական բանակի երրորդ գումարտակը պաշտպանական նոր գիծ հաստատեց Օնճինի երկայնքին, բայց հիւսիսքորէական ուժերը խորտակեցին ամէն արգելք եւ գրաւեցին Քանկրիոնկն ու Եանկուոնը: Հարաւքորէական ուժերը նահանջեցին դէպի Պուփհօ նաւահանգիստը, ուրկէ ծովու ճամբով հեռացան:
Սէուլի ճամբան բռնած հիւսիսքորէական բանակին յառաջխաղացքը կասեցնելու համար հարաւքորէական բանակը փորձեց պաշտպանական գիծ մը հաստատել Փոչոնէն Տոնկտուչոն, բայց չյաջողեցաւ եւ նահանջեց դէպի Ուիճոնկպու:
Հարաւքորէական բանակը պաշտպանական այլ գիծ մը հաստատեց Կանկպուք-կուի մէջ, որ սակայն քիչ ետք նուաճուեցաւ:
Քանի մը ժամուան մէջ հարաւքորէական բանակին դիմադրութիւնը խորտակուեցաւ ճակատի ամբողջ երկայնքին:
Նոյն օրը, յունիս 25-ին, Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը նիստ գումարեց, որուն օրակարգը քորէական հարցն էր: Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջարկուած բանաձեւին տարբերակը ընդունուեցաւ 9 կողմ քուէարկած ձայներով, իսկ դէմ ոչ ոք քուէարկեց: Եուկոսլաւիոյ ներկայացուցիչը ձեռնպահ մնաց, իսկ Խորհրդային Միութեան դեսպան Եաքով Մալիք պոյքոթի ենթարկեց քուէարկութիւնը: Այլ տուեալներու համաձայն Խորհրդային Միութիւն չմասնակցեցաւ Քորէայի հարցով քուէարկութեան, քանի որ այդ պահուն ետ կանչած էր իր պատուիրակութիւնը:
***
Յունիս 26-ին արդէն այլեւս յստակ էր որ հիւսիսքորէական բանակը պիտի մտնէ Սէուլ:
Հարաւային Քորէայի նախագահ Ռի Սինկման յայտարարեց, որ ինք, կառավարութեան անդամները եւ երեսփոխանները Սէուլ պիտի մնան: Ան քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց խուճապի չմատնուիլ եւ շարունակել բնականոն աշխատանքը:
Ռի Սինկման նաեւ հրահանգեց հաշուեյարդարի ենթարկել քաղաքական հակառակորդները: Քաղաքական բանտարկեալները խումբ խումբ իրենց բանտախցիկներէն հանուեցան եւ առանց դատի հաւաքաբար գնդակահարուեցան: Սէուլի ոստիկանապետ Քիմ Թաէ Սուն անձնապէս իր ձեռքով շատ մը համայնավար բանտարկեալներ գնդակահարեց:
Յունիս 27-ի առտուն կանուխ Ռի Սինկման եւ կառավարութեան անդամներէն ոմանք հեռացան Սէուլէն: Ժամը 11:00-ին հարաւքորէական բանակը որոշեց քանդել Հան գետի վրայի Հանկանկ կամուրջը, կասեցնելու համար հիւսիսքորէական բանակին մուտքը Սէուլ: Յետմիջօրէի ժամը 3:30-էն սկսեալ մեծ քանակութեամբ պայթուցիկ կեդրոնացուեցաւ կամուրջին վրայ, իսկ գիշերուան ժամը 11:30-ին քանդումի ազդարարութիւնը տրուեցաւ:
Կէս գիշերին, հիւսիսքորէական բանակի յառաջապահ միաւորները հասան Սէուլի դուռերուն: Մայրաքաղաքի բնակիչներէն շատեր, ռումբերու տարափին տակ, խուճապահար սկսան փախուստ տալ եւ Հանկանկ կամուրջը կտրելով ուղղուիլ դէպի հարաւ:

Յունիս 28-ի արեւածագէն առաջ, ժամը 2:30-ին, հարաւքորէական բանակը ուժանակներով սկսաւ պայթեցնել կամուրջը, առանց ազդարարութիւն տալու ժողովուրդին: Աննկարագրելի խուճապի մէջ, ժողովուրդը կամուրջը կտրելով կը յառաջանար, մինչ ուժանակները կը պայթէին: Կամուրջը փուլ եկաւ, երբ շուրջ չորս հազար հոգի կար վրան: Անոնցմէ շուրջ հազար հոգին զոհուեցաւ:
Կամուրջին քանդումին պատճառով հարաւքորէական բանակի կարգ մը միաւորներ չյաջողեցան նահանջել: Քիչ ետք, սաստիկ ռմբակոծումներու տարափին տակ, հիւսիսքորէական բանակը մտաւ Սէուլ: Քիմփհօ օդակայանը հիմնովին աւերուեցաւ: Հարաւքորէական խորհրդարանի անդամներուն մէկ մասը մնացած էր Սէուլ: Անոնցմէ 48 հոգին հաւատարմութիւն խոստացաւ Քիմ Իլ-սունկի:
Մինչեւ յունիս 30, հարաւքորէական բանակի 22 հազար զինուորներ սպաննուած էին: Շատ մը զինուորներ ալ փախան եւ հիւսիսքորէական բանակին միացան:
***
Հիւսիսային Քորէայի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ դաւաճան Ռի Սինկման նենգօրէն ներխուժած է Քորէայի ժողովրդային ժողովրդավարական հանրապետութեան տարածք:
Հիւսիսքորէական բանակին յառաջխաղացքը յաջող էր, բայց նախատեսուած ծրագիրին համեմատ չէր ընթանար եւ գլխաւոր նպատակը չէր իրագործուած` կայծակնային յաղթանակ տեղի չէր ունեցած եւ Ռի Սինկման ու հարաւքորէական ղեկավարութեան զգալի մասը յաջողած էր փախուստ տալ եւ փրկուիլ: Զանգուածային ապստամբութիւնը, որուն վրայ յոյս դրած էր հիւսիսքորէական կառավարութիւնը, նոյնպէս տեղի չունեցաւ:
Քորէայի պատերազմը անսպասելի էր Միացեալ Նահանգներուն եւ արեւմտեան երկիրներուն համար: Պատերազմը սկսելէն քանի մը օր առաջ, յունիս 20-ին պետական քարտուղար Տին Էչըսըն ծերակոյտին ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ կը յայտնէր, որ պատերազմը քիչ հաւանական է: Նախագահ Հերի Թրումըն արձակուրդի մեկնած էր Միսուրի, եւ պատերազմը սկսելէն քանի մը ժամ ետք տեղեկացաւ այդ մասին: Իսկ Տին Էչըսըն այդ օրերուն կը գտնուէր Մերիլէնտ:
Ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ, Քորէան Ասիոյ պաշտպանութեան շրջագիծին մէջ նկատի չէր առնուած: Ամերիկայի համար աւելի առաջնահերթ կը նկատուէր Եւրոպայի, քան Ասիոյ ապահովութիւնը: Նաեւ այն տպաւորութիւնը կը տիրէր, որ Քորէայի մէջ պատերազմը կրնար համաշխարհային նոր պատեազմի մը պատճառ դառնալ Չինաստանի եւ կամ Խորհրդային Միութեան միջամտութեամբ: Քորէայի նկատմամբ յատուկ քաղաքականութիւն չկար ամերիկեան դիւանագիտութեան մէջ:
Նախագահ Թրումըն ամէնէն աւելի մտահոգ էր Խորհրդային Միութեան հաւանական հակազդեցութեամբ: Այն տպաւորութիւնը կը տիրէր որ եթէ Ամերիկա միջամտէ Քորէայի մէջ, Սթալին կրնայ յարձակիլ Արեւմտեան Եւրոպայի վրայ:
Երկու օրուան տատանումէ ետք, յունիս 27-ին ամերիկեան դիւանագիտութիւնը հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Մոսկուայի հետ: Ապահով ըլլալէ ետք որ Խորհրդային Միութիւն պիտի չկռուի ամերիկեան ուժերուն դէմ, նախագահ Թրումըն նոյն օրն իսկ Քորէա զօրք ղրկելու որոշում առաւ եւ հրամայեց միջամտել:
Երկրորդ աշխարհամարտէն ետք ամերիկեան բանակի մեծաթիւ միաւորներ տեղակայուած էին Ճափոնի մէջ, զօրավար Տուկլաս ՄաքԱրթըրի հրամանատարութեան տակ: Նախագահ Թրումըն ՄաքԱրթըրի հրամայեց հարաւքորէական բանակին ռազմական սպառազինութիւն մատակարարել եւ ապահովել ամերիկացի քաղաքացիներու հեռացումը Քորէայէն: Թրումըն նաեւ եօթներորդ նաւատորմին հրամայեց ապահովել Թայուանի պաշտպանութիւնը: Թայուան հաստատուած ազգայնական Չան Քայ-շէքի կառավարութիւնը ռազմական օգնութիւն խնդրեց, բայց ամերիկեան կառավարութիւնը մերժեց, որպէսզի համայնավար Չինաստանի առիթ չտայ միջամտելու քորէական պատերազմին:
***
Ամերիկեան բանակի առաջին միաւորները, հետեւակազօրքի 24-րդ գումարտակէն, գնդապետ Միլըր Փերիի հրամանատարութեան տակ, ճափոնական Իթազուքէ օդուժի խարիսխէն յունիս 30-ին ուղղուեցան Քորէա: Անոնք կիսածանր զէնքերով զինուած էին եւ զինուորներէն շատեր փորձառութիւն չունէին ու միայն երկու ամսուան զինավարժութեան ենթարկուած էին:

Ամերիկացի 540 զինուորները յուլիս 1-ին հասան Քորէա եւ Սէուլէն 167 քիլոմեթր հարաւ գտնուող Թեճոն քաղաքին մէջ յենակէտ հաստատեցին, որմէ ետք սկսան յառաջանալ դէպի հիւսիս, դէմ դնելու համար հիւսիսքորէական բանակի յառաջխաղացքին: Գլխաւոր առաջադրանքն էր Սուվոնի մայրուղիին վրայ կասեցնել հիւսիսքորէական յառաջխաղացքը:
Յաջորդող օրերուն ամերիկեան նոր ուժեր հասան Քորէա: Հարաւքորէական ուժերը, ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ, ամերիկեան հրամանատարութեան տակ դրուեցան:
Յուլիս 4-ին ամերիկացիք Օսան գիւղէն հիւսիս գտնուող երկու բլուրներ գրաւեցին: Այդ բլուրներէն կարելի էր դիտել լայնարձակ համայնապատկերը: 106 քիլոմեթր երկարութեամբ գիծին վրայ ամերիկացիք դիրքեր հաստատեցին: Հետեւակազօրքը տեղաբաշխուեցաւ բլուրներուն վրայ, իսկ մեքենազէն ուժերը` անոնց ետեւը եւ շուրջը:
Յուլիս 5-ին, առտուան ժամը 7:30-ին ամերիկեան ուժերը Օսանի մէջ կասեցուցին հիւսիսքորէական հրասայլերը, որմէ ետք, ժամը 8-16-ին կրակ բացին անոնց վրայ: Հիւսիսքորէական հրասայլերը դիմադարձեցին, բայց չյաջողեցան ամերիկեան դիրքերը ճշդել եւ հարուածել:
Հիւսիսքորէական ուժերը շարունակեցին իրենց յառաջխաղացքը. հրասայլերէն երկուքը վնասուեցան. անոնցմէ մէկը կրակ առաւ. մէջի զինուորներէն մէկը ցատկեց եւ սպաննեց ամերիկացի զինուոր մը եւ յետոյ անձնասպան եղաւ. այսպէս ինկաւ քորէական պատերազմին ամերիկացի առաջին զոհը:
Հրասայլերը իրենց յառաջխաղացքը շարունակեցին ամերիկեան ուժերու կրակին տակ: Գնդապետ Միլըր Փերի վիրաւորուեցաւ: Հիւսիսքորէական ուժերը խորտակեցին ամերիկեան մեքենազէն ուժերը եւ սպաննեցին ամերիկացի քսան զինուոր: