
Յատուկ ժողովի մը ընթացքին տեղի ունեցան Շեպիպեթ Պաուշրիէ ակումբին ընտրութիւնները` ներկայութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի, որ ժողովին աւարտին ստորագրեց նոր ընտրութիւններուն պաշտօնական թուղթին վրայ:
Մրցակիցի չգոյութեան պատճառով, Ուալիտ Շըհատէ Քաուֆ իբրեւ նախագահ ընտրուած նկատուեցաւ: Ան պիտի պաշտօնավարէ մինչեւ 17 սեպտեմբեր 2019:
Քասուֆ իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պիտի գործակցի ամբողջ անձնակազմին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ ունենալ լաւ եւ զօրաւոր կազմ մը, որ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգէ Լիբանանի վոլիպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին եւ պայքարի տիտղոսին համար:


