Նախորդ շաբաթավերջին Թունուզի մէջ սկսաւ աշխարհի մինի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը (6-րդ խմբակ)` մասնակցութեամբ 24 խումբերու: Անիկա պիտի տեւէ մինչեւ 15 հոկտեմբեր:
Լիբանանի ազգային խումբը իր կատարած առաջին մրցումին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Լիպիայէն:
Երէկուան մրցումին Լիբանանի մարզիչ Ատհամ Ղատտար կիրարկեց պաշտպանողական խաղաոճ մը եւ Ա. կիսախաղը յաջողեցաւ աւարտել 0-0 հաւասարութեամբ:
Բ. կիսախաղի առաջին վայրկեանին Լիպիոյ նշանակած առաջին կոլը խանգարեց մարզիչին հաշիւները, որմէ ետք յաղթական կազմը նշանակեց իր երկրորդ կոլը:
Այսօր, ժամը 22:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան կը մրցի Թունուզի դէմ:



