Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 4 հոկտեմբերին դարձեալ կոչ ուղղած է երկրի քաղաքացիներուն, որ Արցախ չայցելեն: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնէ «Էրմենիհապեր» կայքը:
«Առանց Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն արտօնութեան` գրաւեալ տարածքներ այցելութիւնը ո՛չ միայն կը հակասէ միջազգային իրաւունքին, այլեւ կ՛առաջնորդէ շարք մը պատժամիջոցներու` համաձայն ազրպէյճանական օրէնքներուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը նաեւ յիշեցուցած է, որ Թուրքիոյ այն քաղաքացիները, որոնք ապօրինաբար կ՛այցելեն Արցախ, հիւպատոսական աջակցութիւն պիտի չվայելեն:
Յիշեցնենք, որ այս գծով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր առաջին յայտարարութիւնը տարածած էր անցած 29 սեպտեմբերին` հակադարձելով չորս թուրք գործիչներու ու մտաւորականներու Արցախ այցելութեան եւ շեշտելով, որ անոնք այդ այցելութիւնը իրականացուցած են առանց պետական մարմիններու հետ խորհրդակցելու:
Ըստ սովորութեան, Պաքու Արցախ այցելած թուրքերը ձերբակալելու համար դիմած էր Թուրքիոյ համապատասխան կառոյցներուն: Թուրք գործիչները, «Արեւմտահայոց ազգային համագումար» միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութեան համանախագահ Արագած Ախոյեանի նախաձեռնութեամբ` 22 սեպտեմբերին այցելած էին Արցախ եւ Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած էին մամլոյ ասուլիսի մը:



