Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Երեւանի մէջ «Հայկական գիւղ» ազգագրական թաղամասի կառուցապատման մրցումին յայտ ներկայացուցած միջազգային չորս ընկերութիւններու ներկայացուցիչները: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են թաղամասին կառուցապատման առնչուող շարք մը հարցեր, անդրադարձ կատարուած է ներդրումային ծրագիրի մանրամասնութիւններուն եւ տեսլականին: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Նշուած է, որ ընկերութիւններու ներկայացուցիչները արդէն իսկ ծրագիրը մանրամասն քննարկած են Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան, Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին հետ, շրջած Հայաստանի տարբեր զբօսաշրջային վայրերու մէջ, ծանօթացած հայկական մշակոյթին ու աւանդութիւններուն:
Վարչապետ Կարապետեան յայտնած է, որ «Հայկական գիւղ»-ը պիտի ըլլայ տնտեսապէս գրաւիչ յաջող գործարարական ծրագիր եւ աւելցուցած, որ կառավարութիւնը պատրաստ է ծրագիրին հետ կապուած ընկերութիւններուն ներկայացուցած բոլոր առաջարկները քննարկելու: «Անիկա Հայաստանի զբօսաշրջութեան մարզ պիտի բերէ նոր փոփոխութիւններ: Երեւան հասնողին պիտի կարենանք համապարփակօրէն ներկայացնել հայկական աշխարհը, ներառեալ` սփիւռքը, մեր պատմութիւնը, միջավայրը` ըստ շրջաններու եւ քաղաքներու: Թաղամասը կրնայ դառնալ Հայաստանի այցեքարտը եւ իր լայն ենթակառուցուածքներով պիտի համապատասխանէ զբօսաշրջիկներու սպասելիքներուն», ըսած է կառավարութեան ղեկավարը` աւելցնելով, որ ծրագիրին շուրջ աշխուժ քննարկումներ կ՛ընթանան ներդրողներուն հետ:
Կ՛ակնկալուի թաղամասի կառուցապատման մրցումը ամփոփել նոյեմբեր 2017-ի սկիզբը: Ծրագիրով, որ կը գնահատուի 100-150 միլիոն տոլար, կը նախատեսուի ստեղծել Հայաստանի տարբեր շրջաններու քաղաքային եւ գիւղական բնակավայրերու ազգային աւանդութիւններուն ու պատմականօրէն ձեւաւորուած ճարտարապետական դիմագիծին բնորոշ ազգագրական թաղամաս` բնակելի տուներով, հիւրանոցներով (հիւրատուներով), ինչպէս նաեւ նկարչութիւնն ու ազգային արհեստները (գորգագործութիւն, դարբնագործութիւն, կաւագործութիւն, յուշանուէրներու պատրաստում) ներկայացնող ցուցասրահներով: Կը նախատեսուի, որ թաղամասը ունենայ շարժանկար-թատերասրահ, այգի, համերգասրահ, թարմ տեղական արտադրանք առաջարկող բացօթեայ շուկայ եւ այլ ենթակառուցուածքներ:



