Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա չէ բացառած այն կարելիութիւնը, որ Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին քննարկուի նաեւ Արցախի տագնապի լուծման հարցը:
Նշենք, որ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին հերթական նիստը տեղի պիտի ունենայ 10 հոկտեմբերին:



