ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ բծախնդիր էք եւ ամէն ինչ կատարեալ ընել կ՛ուզէք: Յաճախ ձեր կատարած գործերը վերատեսութեան կ՛ենթարկէք եւ սխալ արդիւնքներ կ՛ունենաք: Աւելի պարզօրէն աշխատեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բազմազբաղ էք եւ` շատ յոգնած: Ձեր գործերը քիչ մը թեթեւցուցէք եւ կարճ արձակուրդ մը առէք, որպէսզի ձեր առողջութիւն չխանգարուի: Այս ձեւով աւելի օգտակար կրնաք ըլլալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը շատ պայծառ պիտի ըլլայ, բարեկամներու հետ հաճելի երեկոյ մը պիտի վայելէք, որու ընթացքին ձեզ հետաքրքրող անձերու պիտի ծանօթանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ուրախ օր մը պիտի ունենաք, ընկերային եւ ընտանեկան բոլոր անհասկացողութիւնները պիտի չքանան, եւ դուք կեանքը աւելի պայծառ պիտի տեսնէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ հաճելի անակնկալ մը պիտի ունենաք այսօր, նոյնպէս ձեր ընտանիքին մէջ բարելաւում մը պիտի ըլլայ, որ ձեր կեանքի ընթացքը պիտի փոխէ: Գնահատեցէք այս փոփոխութիւնը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ կալուած մը գնելու ծրագիրը ունիք, որը շատ յարմար է: Ձեր ճաշակին համապատասխանող յարկաբաժին մը կամ տուն մը պիտի գտնէք: Յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կարծէք` այսօր ջղային վիճակ մը ունիք: Ձեր հանգիստը չխանգարելու համար հեռու մնացէք ըսի ըսաւներէն: Պատահական վիճակ մըն է, որ երկար չի տեւեր անշուշտ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը շատ խաղաղ պիտի անցնի. ի՛նչ որ կը փափաքիք, դիւրութեամբ պիտի ունենաք, ո՛չ մէկ խոչընդոտի պիտի հանդիպիք: Օգտուեցէք առիթէն, քանի որ ամէն օր նոյն առիթը չի ներկայանար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բացառիկ օր մը պիտի վայելէք: Ամուրիները իրենց կեանքի ընկերոջ պիտի հանդիպին, իսկ ամուսնացածները շատ հաճելի անակնկալ մը պիտի ունենան իրենց ընտանեկան յարկին տակ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ունիք ընտանեկան հարցեր, որոնք ձեզ կ՛անհանգստացնեն, այսօր ամէն հարց պիտի լուծուի, եւ ընտանեկան խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի: Ամէն հարց իր լուծումը ունի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանիքին մէջ կամ ընկերութեան մէջ մեծ դիրք մը գրաւած էք. բոլորին ուշադրութիւնը գրաւած էք, եւ ձեր շուրջի անձերը ձեր որոշումներուն կը հետեւին: Յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընդհանուր խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն կը տիրէ ձեր ընտանիքին մէջ: Աստղերը կը փայլին եւ մեծ խոստումներ կը կատարեն ձեզի համար: Վայելեցէք այս բարիքները:
