Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միաբանական Հաւաք` Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

October 3, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1 հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ վանաբնակ միաբաններու հաւաք մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ: Միաբանական հաւաքի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Եփրեմ արք. Թապագեան եւ Պսակ աբղյ. Թեփիրճեան, եւ իրենց մտածումներն ու մաղթանքները բաժնեցին միաբան եղբայրներու հետ` ի խնդիր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան առաքելութեան առաւել հզօրացման: Անոնք նաեւ ուրախութեամբ շեշտեցին, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ո՛չ միայն կ՛աճի եւ իր ծառայութեամբ կը կազմակերպուի, այլ նաեւ միաբանութեան գլուխը գտնուող վեհափառ հայրապետը իր լայնածաւալ գործունէութեամբ Ս. աթոռը դրած է ազգային-եկեղեցական ծառայութեան բարձունքին վրայ ու զայն դարձուցած տիրական ներկայութիւն միջեկեղեցական ու միջկրօնական դաշտին մէջ:

Հաւաքէն ետք տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան: Ապա վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Ս. աթոռին առաքելութեան առնչուած կարեւոր իրագործումներն ու երեւոյթները եւ յառաջիկայի ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը  իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ կաթողիկոսութիւնը մէ՛կ ամբողջութիւն է իր թեմերով, նոյնպէս միաբանութիւնը` մայրավանքին թէ թեմերուն մէջ ծառայող միաբաններով: Միաբաններու կեանքի ճամբան ծառայութի՛ւնն է. այդ ծառայութիւնը կրնայ ըլլալ մայրավանքին  թէ թեմերուն մէջ, եւ որեւէ ժամանակ կրնայ փոխուիլ` մեկնելով հայ ժողովուրդին ծառայելու հրամայականէն:

Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց միաբանութեան հոգեմտաւոր կեանքին կենսական կարեւորութիւնը: «Հոգեւորը ըլլալով մեր կեանքին առանցքը` պէտք չէ անտեսել մտաւորական երեսը», ըսաւ Վեհափառ հայրապետը, եւ թելադրեց միաբան հայրերուն հեռու չմնալ գիրքէն ու ընթերցումէն:

Այս առիթով Արամ Ա. կաթողիկոս յայտնեց, որ յաջորդ օրը միաբան հայրեր Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքէն կը փոխադրուին Անթիլիասի մայրավանք` վերանորոգուած կերպով վերսկսելու վանական կեանքին ու գործունէութեան: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ տնօրէն ժողովի անդամ նշանակուած են հետեւեալ միաբանները. Կոմիտաս արք. Օհանեան, Մեղրիկ եպս. Բարիքեան, Փառէն ծ. վրդ. Վարդանեան, Պետրոս վրդ. Մանուէլեան եւ Նշան վրդ. Լախոյեան:

Իսկ կաթողիկոսարանի «Հասկ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ նշանակուած են.- Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեան, Շնորհք վրդ. Աշըգեան, Պօղոս վրդ. Թինքճեան, Յովակիմ աբղյ. Բանճարճեան, Ժիրայր Դանիէլեան եւ Արազ Գոճայեան:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ վերանորոգման հրամայականին: Ան ըսաւ, թէ ներկայ տարին հռչակած ենք «Վերանորոգման տարի»: Առանց վերանորոգումի մեր կեանքը կը լճանայ, առանց հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու վերակենսաւորման, մեր կեանքը իր ուղղութիւնը կը կորսնցնէ: Արդ, հրամայական կարիքը ունինք վերանորոգման թէ՛ իբրեւ անհատ, թէ՛ իբրեւ եկեղեցի, ազգ ու հայրենիք: Վերանորոգումը պէտք չէ մեզի համար սոսկ լոզունգ դառնայ, այլ կեանքի մնայուն ընթացք, շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Նախորդը

Հանրի Շալհուպի Անուան Պասքեթպոլի 3-րդ Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Տիրացաւ Տիտղոսին` Աւարտականին Յաղթելէ Ետք Պէյրութի (58-50)

Յաջորդը

Թուրք Զինուորական Մը Քաղաքական Ապաստան Խնդրած Է Կիպրոսի Յունական Հատուածէն

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.