Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

«Ռուբէն Յովսէփեանի տեսակը համահայկական իրականութեան մէջ վտանգ ներկայացնելու չափ պակսած է: Յանձնառու մտաւորականի տեսակը առհասարակ տեղ չունի տնտեսապաշտ հասարակութիւններու մէջ»:
***
Հետեւաբար, սիրելի՛ Ռուբէն, միայն դուն հիւանդ չէիր, ոչ ալ երկիրդ` իր հիւանդութեամբ առանձին: Ամբողջ աշխարհը հիւանդ է եւ ինքզինք կ՛առաջնորդէ դէպի նոր աղէտներ: Ազատագրուելու միակ միջոցը այդ նոր երեւոյթներուն դէմ ծառանալն է, դիմադրողներու թիւը եւ որակը բարձրացնելն է, անմիջականօ՛րէն: Այլապէս ճամբան բաց է նախամարդու տիպարին վերակերտման համար»:
11 մարտ 2016-ին ընկեր Մկրտիչ Մկրտիչեանի դամբանականէն Ռուբէն Յովսէփեանի յուղարկաւորութեան առթիւ: Ճիշդ է վերջին տարիներուն մեր շուրջի տերեւաթափը մեր մէջ տագնապ կը ստեղծէ:
Ռուբէն Յովսէփեանին հետ ընդհանրապէս ժողովական կեանքի մէջ ծանօթ եղած եմ: Աւելի ուշ անոր գրականութեան եւ յօդուածներուն ընդմէջէն իր սկզբունքային եւ խորքային տիպարը բացայայտած եմ:
Ընդհանրապէս լուռ, սակայն սկզբունքէն չզիջող եղած էր: Դիմացինին մտիկ ընող, սակայն` դիմացինին իր կարծիքը պարտադրող: Շատ անգամ անոր լռութիւնը կը փորձէինք հասկնալ դրական կամ ժխտական իմաստով: Ժողովներուն իր խօսքը կշիռ ունէր: Մարդկային իմաստով անոր բարութիւնը ոչ միայն արտաքինէն կ՛երեւէր, այլ նաեւ` անոր հարցերու մօտեցման եղանակէն: Դաշնակցական էր ամբողջական իմաստով: Համազգայնական իր էութեամբ: Արուեստի ու գրականութեան մարդ` ինքնուրոյն: Սակաւախօս, սակայն` հարցերը լաւ դիտող եւ դատող: Մեր օրերուն, երբ շատ խօսողները սկսած են հաւատալ, որ շատ խօսելով` շատ բան ըրած կ՛ըլլան, Ռուբէն Յովսէփեանի անձնական օրինակը բաւական դաստիարակիչ եւ վարակիչ պէտք է սեպել:
Ճի՛շդ այս պատճառով ալ զայն մեր այսօրուան պայմաններուն մէջ յիշելը կրկնակի արժէք ունի:


