Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան 28 սեպտեմբերին տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հակիրճ կերպով ներկայացուցած է Արցախի կառավարութեան անցնող 10 տարուան գործունէութեան վերաբերեալ որոշ ցուցանիշներ եւ պատասխանած լրագրողներու հարցումներուն:
Ըստ անոր, այդ տարիներուն կառավարութիւնը, առաջնորդուելով նախագահ Բակօ Սահակեանի նախընտրական ծրագիրներով, տարուէ տարի ապահոված է համախառն ներքին արտադրութեան աճ` աւելցնելով պետական պիւտճէն ու կեանքի կոչելով ընկերային բազմաթիւ ծրագիրներ: «Այսպէս, օրինակ, եթէ 2007 թուականին հանրապետութեան համախառն ներքին արտադրութիւնը կը կազմէր 70,8 միլիառ դրամ, 2016-ին` 229,6 միլիառ, ապա 2017 թուականին նախատեսուած է զայն հասցնել շուրջ 270 միլիառի` տասը տարուան մէջ ապահովելով անուանական համախառն ներքին արտադրութեան գրեթէ 4 անգամ աճ: Եթէ 2007-ին արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը կազմած է 22,4 միլիառ դրամ, 2016 թուականին` 59 միլիառ, ապա 2017 թուականին անիկա պիտի շրջանցէ 70 միլիառը»: Արա Յարութիւնեան կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկը նկատած է փոքր ջրելեկտրակայաններու կառուցումը, որուն շնորհիւ վերջին 10 տարուան ընթացքին շուրջ 4 անգամով աւելցած է ելեկտրականութեան արտադրութեան ծաւալը` 90,4 միլիոն քիլովաթ/ժամէն հասնելով 345 միլիոնի: Այսպիսով, Արցախը դարձած է ո՛չ միայն ինքնաբաւ, այլեւ արտածող հանրապետութիւն: Ըստ անոր, ծրագրուած է այս ցուցանիշը մօտիկ ապագային հասցնել մինչեւ 700 միլիոն քիլովաթ/ժամ: Պետական նախարարը դիտել տուած է, որ տնտեսական աճ արձանագրուած է նաեւ գիւղատնտեսութեան բնագաւառին մէջ` 2,9 անգամ աւելցնելով գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքը: Եթէ 2007 թուականին արձանագրուած է հացահատիկային մշակաբոյսերու 53.000 թոն բերք, ապա 2017 թուականին անիկա եղած է 150.000 թոն: Արա Յարութիւնեան անդրադարձած է նաեւ շինարարական ծաւալներու յաւելման, կենսական անհրաժեշտութեան ենթակառոյցներու վերականգնման եւ զարգացման շարք մը ծրագիրներու: Ան նշած է, որ 2018 թուականի պիւտճէն ծրագրուած է 100 միլիառ դրամի սահմաններուն մէջ:
Արցախի նոր նշանակուած պետական նախարար Արա Յարութիւնեան անդրադարձած է նաեւ Թալիշի վերաբնակեցման խնդիրներուն: Ըստ անոր, Թալիշի մէջ լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներ կը կատարուին: «Աշխատանքներ կը տարուին բնակավայրերու կառուցման, վերակառուցման, դպրոցի, մանկապարտէզի, համայնքային կեդրոնի, հանդիսութիւններու սրահի վերակառուցման ուղղութեամբ եւս», ըսած է ան:
Ա. Յարութիւնեան դիտել տուած է, որ բնակիչներուն տեղափոխութիւնը կը ձգձգուի, որովհետեւ հոն շինարարական աշխատանքներ կը տարուին: «Հաստատ յաջորդ ձմեռ թալիշցիները պիտի ապրին իրենց պապական գիւղին մէջ, բայց ոչ պապական օճախներուն, որովհետեւ մենք համեմատաբար անվտանգ տեղերու մէջ կը փորձենք կառուցել անոնց նոր տուները», տեղեկացուցած է ան:
Լրագրող մը հարցուցած է Արցախի ժողովրդագրութեան ցուցանիշներուն մասին: Յարութիւնեանի համաձայն, 2007 թուականին Արցախի մէջ մնայուն բնակչութեան թիւը եղած է 138 հազար, իսկ 2016 թուականին` 146 հազար: Ան աւելցուցած է, որ ծնելիութեան խթանման ծրագիրը իր ազդեցութիւնը ձգած է եւ տարեկան միջին 2000 ծնունդը դարձած է 2500:
«1 սեպտեմբեր 2017-ին աշակերտներուն թիւը, համեմատած 2016 թուականի սեպտեմբեր 1-ին, աւելցած է 450-ով», յայտնած է ան` նշելով, որ ծնելիութեան ազդեցութիւնը աշակերտներուն թիւին վրայ պէտք է ըլլայ 17 տարի: «Ուստի 2023 թուականին աշակերտներուն թիւը պիտի աւելնայ 25 հազարով», ըսած է Յարութիւնեան:


