Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիւ Եորքի Մէջ Նախարար Նալբանդեան Ունեցած Է Տարբեր Հանդիպումներ

September 23, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

21 Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ունեցած է շարք մը հանդիպումներ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու նպատակով հոն գտնուող տարբեր անձնաւորութիւններու եւ քաղաքական գործիչներու հետ:

Ան տեսակցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ. անոնք քննարկած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան ընթացքը, անդրադարձած հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցերու: Նախարարները խօսած են նաեւ յառաջիկային նախատեսուող բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու ժամանակացոյցին մասին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցած է նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Ճեֆրի Ֆելթմանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ ի գործ դրուող ջանքերը:

Նոյն օրը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի` եւրոպական հարցերու պետական նախարար Ժան-Պաթիսթ Լեմուանի հետ: Նախարարները քննարկած են հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ, անդրադարձած միջազգային կառոյցներուն մէջ երկու երկիրներու գործակցութեան, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան` Երեւանի մէջ յաջորդ տարի կայանալիք վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Նալբանդեան տեսակցած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական հարցերու տեղակալ Էլիզապեթ Միլարտի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի եւրոպական հարցերու աւագ տնօրէն Ֆիոնա Հիլի եւ փոխնախարար Պրիժիթ Պրինքի հետ: Քննարկուած են «Հայ-ամերիկեան բարեկամական գործընկերութեան յաւելեալ զարգացման առնչուող հարցեր եւ փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու ձեւեր: Միտքեր փոխանակուած են շրջանային խնդիրներու, մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առկայ իրավիճակին մասին:

Ան հանդիպում ունեցած է Իրաքի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարիի հետ: Անդրադարձ կատարուած է հայ-իրաքեան յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցերու, միտքեր փոխանակուած են իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնման, միջազգային հարթակներու վրայ համագործակցութեան սերտացման վերաբերեալ:

Ան նաեւ հաստատած է, որ այսօր` 23 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ ծրագրուած է հանդիպում Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ` նշելով, թէ օրակարգի վրայ պիտի ըլլան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հաւանական հանդիպման կազմակերպման հարցն ու համանախագահներուն շրջան նախատեսուող այցելութեան ժամանակացոյցը:

Նախորդը

Լափշինը Յայտնած Է, Թէ Ո՛ր Երկիրները Ազրպէյճանին Օգնութիւն Տրամադրած Են Իր Գործով Քննութեան Ընթացքին

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապը Կը Շնորհաւորէ Հայաստանի Վերանկախացումը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.