Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լափշինը Յայտնած Է, Թէ Ո՛ր Երկիրները Ազրպէյճանին Օգնութիւն Տրամադրած Են Իր Գործով Քննութեան Ընթացքին

September 23, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանտէն ազատ արձակուելէ ետք, Ազրպէյճանէն վերջերս հեռացած պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին իր պլոկին վրայ այս անգամ ներկայացուցած է այն երկիրները, որոնք Ազրպէյճանին օգնութիւն տրամադրած են իր գործով քննութեան ընթացքին:

Ուսումնասիրելով իր գործի` Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան հաւաքած նիւթերը, անոր ուշադրութիւնը գրաւած է նամակագրութիւնը օտար երկիրներու հետ, որոնց դիմած է Ազրպէյճան` «պլոկըր Լափշինի յանցագործութիւններու» հետաքննութեան հարցին մէջ օգնութեան խնդրանքով:

Լափշին կը նշէ, որ Ազրպէյճան դիմած է 8 երկրի` Պիելոռուսիոյ, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Մոլտովայի, Վրաստանի, Իսրայէլի, Թուրքիոյ եւ Իրանի:

«Երկիրներու ցանկէն արդէն կարելի է ապշիլ, որովհետեւ այստեղ Մոլտովան կամ Իսրայէլը ի՞նչ կապ ունին 2011 թուականին Ղարաբաղ այցելութեան հետ», գրած է Լափշին` նշելով, որ թերեւս, ինչպէս յստակ դարձած է իր նախկին գրառումներէն, պէտք չէ խելամիտ իմաստ փնտռել:

Լափշին թուարկած է, թէ այդ երկիրները ի՛նչ տեղեկութիւն տրամադրած են Ազրպէյճանին: Երեք երկիրներ` Իսրայէլը, Ռուսիան եւ Իրանը Ազրպէյճանին որեւէ տեղեկութիւն չեն տրամադրած: Իսրայէլն ու Իրանը Ազրպէյճանին նոյնիսկ չեն պատասխանած, իսկ Ռուսիա նշած է, թէ հարցումը պատշաճ կերպով չէ տրամադրուած:

Երկու երկիրներ սահմանափակուած են կարճ պաշտօնական պատասխաններով. Մոլտովան եւ Թուրքիան տեղեկացուցած են իրենց երկիրներէն Լափշինի մուտքին եւ ելքին մասին:

Երեք երկիրներ, Լափշինի համաձայն, Ազրպէյճանին տրամադրած են կարելի եղածին չափ ամէն տեսակի տեղեկութիւն, նոյնիսկ այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք անոնցմէ չէին ալ խնդրած: «Պիելոռուսիան տրամադրած է մուտքին եւ ելքին մասին տեղեկութիւններ, ինչպէս նաեւ փաստաթուղթեր Մինսքի մեկուսարանէն: Ուքրանիան` քաղաքացիութեան ստացման մասին տեղեկութիւն, անձնական տուեալներ, մուտքեր եւ ելքեր, դրացիներու արձագանգներ` հաշուի առնելով, որ ես երբեք չեմ ապրած Ուքրանիոյ մէջ», գրած է Լափշին:

Վրաստանը տեղեկութիւններ տրամադրած է հայ-վրացական սահմանի բոլոր անցումներուն, ներառեալ` նոյն ժամանակաշրջանին մէջ Հայաստանի սահմանը անցնող եւ Լափշինին անծանօթ տասնեակ անձերու մասին տուեալներ, Պաթումի մէջ բնակարանի գնման մասին փաստաթուղթեր, մուտքի եւ ելքի, «Պանք աֆ Ճորճիա»-ի մէջ դրամատնային հաշուի մասին տեղեկութիւններ:

Լափշին գրած է, որ Ազրպէյճանի հետ համագործակցութեան հարցին մէջ մեծագոյն աշխուժութիւնը ցուցաբերած են այն երկիրները, որոնք Ազրպէյճանէն քարիւղ եւ վարկեր կը ստանան: «Կը կարծեմ նաեւ, որ Հայաստանի (եւ բոլոր միւս երկիրներու) քաղաքացիները, որոնք Վրաստանի մէջ անշարժ գոյք կը գնեն, պէտք է հաշուի առնեն, որ ամբողջ տեղեկութիւնը կրնայ փոխանցուիլ երրորդ երկիրներու, առանց որ տեղեակ ըլլաք», գրած է ան:

Ալեքսանտր Լափշին իր պլոկին վրայ նախապէս ներկայացուցած էր, թէ ինչպէ՛ս ազրպէյճանցի քննիչները կը կատարեն հարցաքննութիւնները: Ան նշած է, թէ հակառակ անոր որ իր հարցաքննութիւնները կը կատարէին երկրին լաւագոյն քննիչները, այսուհանդերձ այդ ամբողջ հոլովոյթը անհեթեթութիւն էր:

 

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Մէջ «Լիբանան Ոչ Մէկ Գաղթականի Կամ Տեղահանուածի Բնակեցումը Պիտի Արտօնէ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Նիւ Եորքի Մէջ Նախարար Նալբանդեան Ունեցած Է Տարբեր Հանդիպումներ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.