Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Պատասխան-Նամակ Մը Յղեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին

September 19, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ուրբաթ, 11 օգոստոսին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակին փակման հարցով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ, Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Շուէտի դեսպանին: Մարմինը կոչ ուղղեց միջազգային ճնշում բանեցնելու, որպէսզի Ազրպէյճան յետս կոչէ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան երկարաձգման դէմ իր վեթոն: Մարմինը նաեւ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղեց շարունակելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր գործակցութիւնը եւ եթէ պէտք ըլլայ ուսումնասիրելու Հայաստանի եւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ ներկայութիւն ապահովելու այլ միջոցներու կարելիութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ  Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընէն ստացաւ պատասխան-նամակ մը, որուն մէջ ան կը նշէ. «Եւրոպական Միութիւնը լիարժէքօրէն յանձնառու կը մնայ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ ԵԱՀԿ-ի իմաստալից ներկայութեան: Ուստի, ինչպէս Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար եւ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի բանբերը 7 մայիս 2017-ին յայտնեց` Եւրոպական Միութիւնը երկարաձգման շուրջ համաձայնութեան մը յանգիլը չափազանց կարեւոր կը նկատէր»:

«Վիեննայի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդին մէջ պաշտօնապէս ընդգծած է կարեւորութիւնը շրջանին մէջ ԵԱՀԿ-ի ներկայութեան շարունակման, ինչ որ կենսական միջոց մըն է անդամ պետութիւններուն իրենց ԵԱՀԿ-եան յանձնառութիւններու կատարման օժանդակելու», կը գրէ Եւրոպական Միութեան դեսպանը:

Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նմանօրինակ պատասխան-նամակներ ստացած էր նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանի տեղակալ ու գործավար դոկտ. Միքայէլ Ռէօսէն եւ Բրիտանիոյ դեսպանատան քաղաքական հարցերով երկրորդ քարտուղար Նիքոլա Տի Լուցիոյէն:

 

Նախորդը

Ծանօթանանք Լիբանանահայ Գործարարներուն. «Շիրակ»-ը Պիտի Ընդարձակուի Եւ Վերածուի Տաղաւար-Խանութներու` Պահելով Իր Որակն Ու Մատչելի Սակերը» Շեշտեց Խաժակ Գալուստեան

Յաջորդը

Սելինա Տողան Կը Դիմէ Խորհրդարան` Բանտերու Մէջ «Ակօս»-ը Արգիլելու Հարցով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հիմնական Դերակատարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

September 17, 2026
Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.