Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սելինա Տողան Կը Դիմէ Խորհրդարան` Բանտերու Մէջ «Ակօս»-ը Արգիլելու Հարցով

September 19, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան պոլսահայ երեսփոխան Սելինա Տողան, երկլեզու «Ակօս» շաբաթաթերթը բանտերուն մէջ արգիլելու հարցը 15 սեպտեմբերին բարձրացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:

Արդարեւ, արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլին ուղղուած նամակով մը, ան պահանջած է պարզաբանել ձերբակալուած իրաւապաշտպաններու սահմանադրական իրաւունքներուն խախտումները, որոնք կը կատարուին Թուրքիոյ մէջ շարունակուող արտակարգ դրութեան պատրուակով:

Տողան նաեւ հարց տուած է, թէ ի՞նչ հիմնաւորումով «Ակօս» թերթը չէ տրուած Սիլիվրի բանտին մէջ պատիժ կրող Էօզլեմ Տալքըրանին:

Յայտնենք, որ Տողանի կուսակից երեսփոխաններ Շենալ Սարըհան ու Ճանտան Իւճէյր այս շաբաթ այցելած էին 5 յուլիսին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած, ապա բանտարկուած մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն, որոնք իրենց կարգին երեսփոխաններուն յայտնած են, թէ Թուրքիոյ մէջ շարունակուող արտակարգ դրութեան պատրուակով, բանտին մէջ եւս կ՛ոտնակոխուին իրենց շարք մը իրաւունքները (տեղեկութիւն ստանալու, փաստաբաններու հետ հանդիպելու եւ այլն): Տալքըրան նաեւ յայտնած է, որ բանտին ղեկավարութիւնը իրեն չ՛արտօներ կարդալ «Ակօս» թերթը, անոր մէջ հայերէն էջերու առկայութեան պատճառով:

Տողան շեշտեց, թէ պարագան յատկապէ՛ս այս վերջին կէտին համար կրկնապէ՛ս մտահոգիչ է:

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Պատասխան-Նամակ Մը Յղեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին

Յաջորդը

«Ազրպէյճանական Լուացքատան» Հարցով Նոր Բացայայտում. «Սի.Էն.Էն.»-ի Նախկին Աշխատակիցը Ազրպէյճանէն 2,6 Միլիոն Տոլար Ստացած Է

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.