ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր ձեր ջիղերը խանգարուած են. երեկոյեան առանձնացէք, քիչ մը գիրք կարդացէք, երաժշտութիւն մտիկ ըրէք, եւ ամէն բան կը կարգաւորուի: Յաջորդ օրը աւելի կայտառ կ՛ըլլաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի մօտիկ անձ մը այսօր կրնայ վիրաւորել ձեզ. հանդարտ եղէք եւ հարցը մի՛ երկարէք, քանի որ այդ անձը լուրջ հարց մը կրնայ ունենալ: Այլապէս ձեզ չէր վիրաւորեր:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընտանիքէն ժամանակաւոր կերպով հեռացած էք, ինչ որ ձեզի անհանգստութիւն կը պատճառէ: Չափազանցելու չէ, քանի որ շուտով պիտի վերագտնէք ձեր սիրելիները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր ձեր ժամանակը պիտի տրամադրէք տնային աշխատանքներու, որոնք երկար ատենէ կ՛անտեսէք: Երեկոյեան վերջապէս գոհունակութիւն պիտի ունենաք` ձեր գործը աւարտելով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատանքին մէջ պատասխանատուներու հետ կրնաք հարց մը ունենալ. պատահական բաներ են, հանդարտ մնացէք: Անոնք պիտի անդրադառնան եղած սխալին եւ կրնան ներողութիւն խնդրել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ինքնավստահ չէք եւ միշտ ձեր կարողութիւններուն մասին կը կասկածիք: Արդեօք համեստութի՞ւն է: Մի՛ ձգէք, որ ուրիշներ մատնանշեն ձեր կարողութիւնները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պզտիկ ձախողութիւններ ձեզ կը տկարացնեն, եւ դուք ինքնավստահութիւնը կը կորսնցնէք: Այս բոլորը կեանքին մաս կը կազմեն: Պէտք չէ յուսահատիք եւ աւելի քաջութեամբ պէտք է աշխատիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր բարեկամներուն տկարութիւնները ճանչնալով հանդերձ, անոնց չէք մատնանշեր. փափկանկատ էք եւ նոյնիսկ անոնց ըրածները կը քաջալերէք, որով անոնց ուժ կը ներշնչէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ յաւելում մը կ՛ակնկալէք: Նախ ձեր պատասխանատուներուն տրամադրութիւնները շօշափեցէք, եւ յետոյ նման առաջարկ մը ներկայացուցէք, որպէսզի յուսախաբ չըլլաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երբ որեւէ մէկ զբաղումէ կը ձանձրանաք, մէկդի ձգեցէք եւ ուրիշ բանով մը զբաղեցէք, որպէսզի միօրինակութենէ հեռու մնաք: Այսպիսով, օրը աւելի սահուն կ՛ընթանայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ նիւթական նեղ կացութեան մէջ էք, հրաշքի մի՛ սպասէք: Հաւասարակշռեցէք ձեր ծախսերը, որպէսզի այս կացութենէն դուրս ելլէք: Աւելի տնտեսագէտ ըլլալու է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ նոր շրջանակի մը մէջ կը գտնուիք, ձեր շուրջինները ձեզի հաճելի չեն թուիր: Ձեր յարաբերութիւնները սահման թող ունենան անոնց հետ, որպէսզի հարցեր չստեղծուին:
