Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի համար Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը Արեւմուտքի եւ ՕԹԱՆ-ի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն իբրեւ այլընտրանք չի նկատեր: «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն:
«Մեր նախագահի յայտարարութիւնը «Էս-400» համակարգերու վերաբերեալ առիթ տուած է տարբեր բամբասանքներու այն մասին, թէ Թուրքիա կը հեռանայ արեւմուտքէն: Թուրքիա պիտի շարունակէ քայլեր կատարել իր ազգային անվտանգութեան ապահովման համար` ՕԹԱՆ-ը ուժեղ դաշինք նկատելով: Մենք լաւ համագործակցութիւն կը ծաւալենք Ռուսիոյ հետ, սակայն ատիկա այլընտրանք չէ Արեւմուտքի եւ ՕԹԱՆ-ի հետ մեր յարաբերութիւններուն», ըսած է Քալըն:
Ըստ անոր, «այդ յարաբերութիւնները զիրար կ՛ամբողջացնեն»: