Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլոկըրը Անձնասպան Ըլլալ Չէ Փորձած. «Եթէ Հայաստանի Կեցուածքներու Թուլացման Իբրեւ Հետեւանք Կորսնցնէք Արցախը, Գիտցէ՛ք, Որ Անոնք Ձեզ Կը Մորթեն» Գրած Է Լափշին

Սեպտեմբեր 16, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի եւ Ռուսիոյ քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանտր Լափշին, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ներում ստանալով օդանաւով տեղափոխուած է Թել Աւիւ, իր էջին վրայ անդրադարձած է Արցախի տագնապին նկատմամբ իր դիրքորոշման, Ազրպէյճանի իսկական պատկերին, ինչպէս նաեւ բանտին մէջ իր կրած չարչարանքներուն:

«Կ՛ամչնամ խոստովանելու, որ Ազրպէյճանի բանտ մտնելէս առաջ կը հաւատայի, որ ղարաբաղեան տագնապը, որ շատ վիճելի հարց է,  պիտի լուծուի Ազրպէյճանի ազգային սահմանները յարգելու միջոցով: Ինչ յիմար էի ես: Ազրպէյճան տակաւին 1988  թուականին ահաբեկչութիւն կատարած է հայերուն նկատմամբ` Պաքուի, Սումկայիթի եւ Ղարաբաղի մէջ:

«Ինծի վերաբերող մեղադրական եզրակացութեան մէջ, զոր ստորագրած էր Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազը, բառացիօրէն գրուած էր հետեւեալը.

«Մեղադրեալ Լափշինը բռնագրաւուած Ղարաբաղի շրջանը անուանած է «Արցախ»:

«Գիշեր-ցերեկ  հանդուրժողականութեան մասին խօսող Ազրպէյճանը Ղարաբաղի հայկական անուանման` «Արցախ»-ի գործածութիւնը կը նկատէ անօրինական: Այսինքն հայոց լեզուն օրէնքէ դուրս է: Այս կը նշանակէ, որ հայերը պէտք չէ խօսին հայոց լեզուով, պէտք չէ ունենան իրենց կրօնը, քանի որ, ըստ հետախոյզ Թալիպովի, «հայերու ցեղասպանութիւնը մտացածին է, եթէ թուրքերը զանոնք մորթէին, մենք աւելի քիչ խնդիրներ կ՛ունենայինք»:

«Կեպելս ջղային կը ծխէր…

«Հայե՛ր, դուք կը դիմանաք: Այդ մարդիկ կը փափաքին ձեզ մեռած տեսնել եւ վերջակէտ: Եւ եթէ դուք բանակցութիւններուն կամ Հայաստանի կեցուածքներու թուլացման իբրեւ հետեւանք կորսնցնէք Ղարաբաղը, գիտցէ՛ք, որ անոնք պիտի գան եւ ձեզ պիտի մորթեն այնպէս, ինչպէս վարուած են թուրքերը 100 տարի առաջ: Անոնց գազանացումը անցած է բոլոր սահմանները», գրած է Լափշին:

Լափշին իր գրառումը աւարտած է հեշթեկով` «Ազերոմարազմ»:

Այլ գրառումով մը Լափշին նաեւ հերքած է այն լուրերը, որոնց համաձայն, ներում ստանալէ ետք ինք անմիջապէս նամակ գրած է Իլհամ Ալիեւին` յայտնելով. «Այժմ ես ստացած եմ անվիճելի ապացոյցներ այն մասին, որ Ղարաբաղը կայ եւ պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի հողը: Յոյսով եմ, որ Ղարաբաղի հարցը կը լուծուի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքով»: Ան զարմանքով կարդացած է այս նամակին մասին եւ նշած, որ անիկա ոչ մէկ ձեւով կը համապատասխանէ իրականութեան, այլ բացայայտ կեղծիք է, որովհետեւ ինք հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ պառկած չէր կրնար նման նամակ գրել ու զղջալ:

Ալեքսանտր Լափշին նաեւ հերքած է այն լուրերը, ըստ որոնց, բանտին մէջ փորձած է անձնասպան ըլլալ: Պլոկըրը յայտնած է, թէ բանտին մէջ, ուր կը պահուէր, իր վրայ յարձակած են բանտարկեալներ: Ան դիտել տուած է, որ խորքին մէջ իրեն ներում շնորհելու Ալիեւի քայլը` իրեն նկատմամբ գործուած անօրինականութիւններէն ետք, Պաքուի կողմէ երկրի հեղինակութեան բարձրացման միտող քայլ էր:

«Ես անձնասպանութեան փորձ չեմ կատարած: Պաքուի բանտ դրուելուս առաջին օրերէն իսկ այլ բանտարկեալներէ սպառնալիքներ ստացած եմ: Հակառակ անոր որ անոնք զիս մեկուսացուած կը պահէին, կարելի չէր խուսափիլ միւսներուն հետ ճամբան հանդիպելէ:

«Զիս հարցաքննած են Ռուսիոյ անվտանգութեան եւ Հայաստանի հետախուզական ծառայութիւններուն հետ` հակաազրպէյճանական թշնամական համագործակցութեան հարցով: Ատիկա բացարձակ անհեթեթութիւն էր, սակայն ճիշդ այդ կը հետաքրքրէր զիրենք», ըսած է պլոկըրը:

Ան պատմած է, որ օրեր առաջ անոր բանտախուց տեղափոխած են այլ անձ մը: «Երկու օր ետք ես արթնցայ Պաքուի հիւանդանոցի բժշկական շտապ օգնութեան սենեակին մէջ` վնասուած պարանոցով, պարանոցիս վրայ խեղդելու հետքերով, կոտրուած ատամներով: Այդ միջադէպէն անմիջապէս ետք ինծի ներում շնորհուեցաւ», նշած է Լափշին:

Պլոկըրը գրած է, որ հիւանդ է ու կը բուժուի: Ազրպէյճանական բանտին մէջ զայն այնքան ծեծած են, կոկորդը սեղմած, որ չէ կրցած ջուր կամ կերակուր կուլ տալ:

«Բնականաբար, երբ քեզ կը խեղդեն, կը ծեծեն` ջարդելով ատամներդ, կողոսկրերդ, ատիկա մէկ օրէն չ՛անցնիր: Իմ առողջական վիճակս կը նկատուի միջին ծանրութեան: Բայց  մերժեցի հիւանդանոց երթալ, եւ ճիշդ ըրի, քիչ-քիչ արդէն առանձինս ջուր կը խմեմ եւ կ՛ուտեմ»:

Ան նաեւ աւելցուցած է. «Ինչպէ՞ս գիտնայի, թէ այս պատմութիւնը մինչեւ ո՛ւր պիտի հասնի: Կայ կարծիք, որ կարելի չէ ներել Ազրպէյճանին` զիս չսպաննելուն համար, ուստի պէտք է խոհեմ կերպով շարժիլ` միջազգային կառոյցներու միջոցով: Կը հաւատամ միջազգային իրաւունքի փորձագէտներուն, կը հաւաքեմ փաստաթուղթեր: Հետագայ իրադարձութիւններուն մասին կը տեղեկացնեմ», եզրափակած է Արցախ այցելելուն համար ազրպէյճանական «Սեւ ցանկ»-ին վրայ յայտնուած եւ բազում տագնապներէ անցած Լափշին:

 

Նախորդը

«Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Նոր Համաձայնագիրը Կրնայ Շուտով Ստորագրուիլ» Ըսաւ Քոսիանչիչ

Յաջորդը

«Առանց Հայաստանի Համաձայնութեան Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը Կարելի Չէ» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

RelatedPosts

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի  Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Սկսաւ Բագրատ Սրբազանի Եւ 17 Մեղադրեալներու Դատավարութիւնը

Օգոստոս 20, 2025
Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը  Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու  Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը  Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Շրջանին Մէջ Ղեկավարումը Պէտք Է Ըլլայ Կովկասեան, Եւ Խնդիրներու Արտաշրջանային Տէրութիւններու Արտայանձնումը Կացութիւնը Աւելի Կը Բարդացնէ»

Օգոստոս 20, 2025
Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է`  Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք  Երբեք Պիտի Չարտօնէ»
Հայկական

Արաղչի. «Հայաստան Վստահեցուցած Է` Իր Տարածքով Իրանի Դէմ Սպառնալիք Երբեք Պիտի Չարտօնէ»

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?