Իրաքի խորհրդարանը 12 սեպտեմբերի իր նիստին ընթացքին մերժած է քրտական ինքնավարութեան նախաձեռնած անկախութեան հանրաքուէն: Անկէ ետք այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւն տարածած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը` «Էրմենիհապեր»-ը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անվերապահ աջակցութիւն յայտնած է Իրաքի խորհրդարանի որոշումին` յայտարարելով, որ եթէ Իրաքի Քիւրտիստանի ղեկավար Մասուտ Պարզանի շարունակէ յամառիլ հանրաքուէի հարցով, ատոր գինը ծանր պիտի ըլլայ:
«Իրաքի խորհրդարանի 12 սեպտեմբերի որոշումը կ՛ընդունինք իբրեւ յղում Իրաքի քաղաքական միասնութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ մեր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնենք նշեալ որոշումին: Իրաքի Քիւրտիստանի տարածքային ղեկավարութիւնը պէտք է հաշուի առնէ, որ հակառակ բոլոր յորդորներուն` հանրաքուէի իրականացման վերաբերեալ, իր դիրքորոշումը յամառօրէն չփոխելու պարագային` անպայման ատոր համար գին պիտի վճարէ: Այդ պատճառով քրտական ղեկավարութեան խորհուրդ կու տանք ողջմտութիւն ցուցաբերելու եւ ժամ առաջ հրաժարելու այդ սխալ ճամբէն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Թրքական աղբիւրը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ Իրաքի Սալահէտտին քաղաքի քաղաքային խորհուրդը եւս մերժած է Իրաքի Քիւրտիստանի կազմին մէջ մասնակցելու 25 սեպտեմբերին նախատեսուող անկախութեան հանրաքուէին:


