Իր լուրը քաղելով «Շիքակօ Թրիպիուն»-էն` «Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Շիքակոյէն եօթը տարեկան Արէն Էմրիկեան խլած է աշխարհի ճատրակի 8 տարեկանէն վար ախոյեանութեան երեխաներու (քատեթ) մրցանքի ախոյեանի տիտղոսը:
Էմրիկեան մասնակցած է 11 մրցումի եւ կրցած ամէնէն շատ կէտերը ապահովել այս ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցած է Պրազիլի մէջ:
Արէն Էմրիկեան ճատրակ խաղալու սկսած է իր մօր` Անիի մղումով, երբ վերջինս նկատած է, որ երեխան հակում ունի այս մարզաձեւին նկատմամբ:
«Ամէն օր մէկուկէս ժամ փորձ կ՛ընէի: Մայրիկս արդէն միշտ կը պարտուի ինձմէ, իսկ հայրիկիս հետ խաղալը աւելի հետաքրքրական է: Ես կրնամ 4-5 քայլ առաջ մտածել եւ չեմ սիրեր պաշտպանուիլ: Յարձակումի դիմելով, խաղս աւելի յաջող կ՛ընթանայ», կ՛ըսէ Արէն:


