Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումները յետաձգելու ոչ մէկ պատճառ կայ, անոնք պիտի սկսին ճշդուած թուականին:
Բացման մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 15 սեպտեմբերին, իրարու դէմ պիտի մրցին Նըժմէ եւ Ահտ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 21:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Մարզական աւանին մէջ:
Միւս կողմէ, ֆետերասիոնը նշեց, որ բացման այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան լիբանանցիներ, ինչ որ ցոյց կու տայ տեղացի իրաւարարներուն նկատմամբ ֆետերասիոնին ունեցած մեծ վստահութիւնը տարեշրջանին նախօրեակին: