«Հիլթըն Մեթրոփոլիթըն» պանդոկին մէջ (Հըրշ Թապեթ) Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնը այսօր, երեկոյեան ժամը 18:30-ին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` «Թեքուանտոն եւ կրթութիւնը փրկութեան կարեւոր ազդակներ են» խորագիրին ներքեւ:
Այս առիթով ֆետերասիոնին նախագահը` Հապիպ Զարիֆէ, տեղեկութիւններ պիտի տայ այս մարզաձեւին զարգացման շուրջ` քաղաքական, մարզական եւ տնտեսական մարզերէ հրաւիրուած անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներու ներկայութեան: