
Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, Ժամհուր ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ թենիսի տարիքային մրցաշարք մը` տարբեր դասակարգերու մէջ:
Տեղի ունեցան տղոց 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար, ինչպէս նաեւ աղջկանց 12 եւ 14 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներ:
Տղոց 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ տիտղոսակիր հանդիսացաւ Քարլ Պէրպէրեան, որ աւարտականին 6-4, 5-7 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթեց Սիրիլ Ժահշանի:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը կազմակերպիչ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու:


