Յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով, Շանվիլ այսօր պիտի ներկայացնէ իր կազմը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին:
Խումբին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք)` ներկայութեամբ յատուկ հրաւիրեալներու, մարզական պատասխանատուներու եւ մարզական լրագրողներու: