Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-8-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Շապապ իր դաշտին վրայ նուազագոյն հաշիւով յաղթեց Պատեն խումբին եւ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը:
Յաղթական կազմին եւ մրցումին հերոսը հանդիսացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
Անոր նշանակած այս կոլը եղաւ իւրայատուկ` նկատի ունենալով, որ քորնըրէն անոր հարուածած կոլը ուղղակիօրէն մուտք գործեց մրցակիցին բերդին մէջ: