Թիֆլիսի մէջ շարունակուող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան անակնկալ պարտութիւն մը կրեց ռուս Մաքսիմ Մաթլաքովէն: Արոնեան, որ կը մրցէր սեւ քարերով, իր պարտութիւնը ընդունեց 27-րդ շարժումին:
Այսպիսով, անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ` նկատի ունենալով, որ առաջին մրցումին ճերմակ քարերով Արոնեան ինք եղաւ յաղթականը:
Արոնեան-Մաթլաքով զոյգին յաղթականը պիտի վճռուի թայ-պրէյքով:
Արոնեան Ա. հանգրուանին յաղթեց Տանիել Քոտերի (Հարաւային Ափրիկէ), իսկ Բ. հանգրուանին` աշխարհի աղջկանց քառակի ախոյեան, չին Եու Եիֆանի:
Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Վարուժան Յակոբեան, ինչպէս նաեւ հայրենի երկու այլ կրանտմասթըրներ Հրանդ Մելքումեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, չկրցան յաղթահարել Ա. հանգրուանի արգելքը եւ կանուխ դուրս մնացին մրցաշարքէն: