ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վերամուտին հաւաքուած գործեր կը սպասեն ձեզ. գործեր, որոնք անպայման շուտով պէտք է կատարուին: Արձակուրդէն ետք անշուշտ դժուար պիտի ըլլայ, սակայն գործադրելով` կը հանգստանաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շրջապատի անձերը ձեզմէ շատ ակնկալութիւններ ունին. բնաւ զանոնք յուսախաբ չէք ըրած եւ ձեր կարելին կատարած էք: Ընկերային գետնի վրայ մեծ յաջողութիւն ունիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօր քիչ մը ջղային վիճակ մը պիտի ունենաք, քանի որ ձեր փափաքած մէկ բանը պիտի չիրագործուի. սակայն այս վիճակը մնայուն չէ անշուշտ: Շուտով պիտի հանդարտիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր բացառիկ օր մը պիտի ըլլայ, ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ: Եթէ ծրագիր մը ունիք, ի գործ դրէք եւ առիթը օգտագործեցէք: Նման փայլուն օրեր միշտ չեն պատահիր:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Անսպասելի օր մը պիտի ունենաք, զուարթ էք եւ կ՛ուզէք շատ բաներ կատարել, իսկ երեկոյեան անակնկալ հրաւէր մը պիտի ստանաք, որուն ընթացքին նոր անձերու պիտի ծանօթանաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր ինչ որ ընել ուզէք, պիտի ձախողիք. սակայն ընկճուելու հարկ չկայ, քանի մը օր համբերեցէք, եւ ամէն ինչ կը յստականայ, եւ ձեր փափաքը կը կատարուի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յոգնեցուցիչ օր մը պիտի ունենաք, որ մտահոգիչ չէ, նման օրեր միշտ կը պատահին: Շաբաթավերջին հանգստանալէ ետք ձեր բնականոն վիճակը կը վերագտնէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Բացառիկ օր մը պիտի ապրիք այսօր, ընկերային գետնի վրայ ալ յաջողութիւն պիտի ունենաք: Երեկոյեան ձեր բարեկամներով սեղանի մը շուրջ պիտի հաւաքուիք եւ զուարթ երեկոյ մը պիտի վայելէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր պիտի կարենաք կարգ մը դժուարին հարցեր լուծել, որմէ ետք պիտի հանդարտիք: Նոյնպէս, ձեր աշխատատեղին գտնուող կարգ մը անհասկացողութիւններ կարգի պիտի բերէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բացառիկ օր մը պիտի ապրիք. բարեկամներու կողմէ ընթրիքի հրաւէր մը պիտի ստանաք, որուն ընթացքին նոր անձերու պիտի ծանօթանաք: Եթէ ամուրի էք, կրնաք ձեր ապագայ ընկերը կամ ընկերուհին գտնել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուշադրութի՛ւն… Արձակուրդի ընթացքին քիչ մը շատ ծախսած էք. անշուշտ բնական բան մըն է: Ժամանակն է զգաստանալու, եւ ձեր եկամուտը պէտք է հաւասարակշռել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատավայրին եւ ընտանիքին մէջ անհասկացողութիւններ պիտի ըլլան, ինչ որ մտահոգիչ չէ: Դուք ձեր երկայնամտութեամբ պիտի կարենաք լուծումներ գտնել եւ խաղաղութեան հասնիլ: