ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան առեւանգուած իմամ Մուսա Սատըրի յիշատակին յայտնեց, որ ան մարդ արարածը խաւարէ եւ տգիտութենէ ազատելու յեղափոխութեան ղեկավարն էր:
ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ սեփականատէրերու միութիւնը որոշեց դրամատուներու պաշտօնեաներուն աշխատանքային ժամերը պահել ինչպէս որ են:
ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան` ստուգելու համար հոն տիրող ճամբորդներուն խճողուած իրավիճակը: Ան շեշտեց, որ օդակայանին մէջ աննախընթաց իրավիճակ կը տիրէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մէկ ամսուան մէջ մէկ միլիոն ճամբորդ օգտագործած է Պէյրութի միջազգային օդակայանը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հարց տուաւ, թէ արդեօք ի՞նչ է գաղտնիքը Հըզպալլայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ գոյացած համաձայնութեան:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ կատարէ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալեն Հաքիմ հարց տուաւ լիբանանեան պետութեան, թէ ինչպէ՞ս «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքներուն չհասած, արտօնութիւն տրուած է ՏԱՀԵՇ-ին մեկնելու Լիբանանէն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենք զարմացած են Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ կատարուած դաւաճանութեան ամբաստանութիւններէն` Լիբանանի ազատագրման յաղթանակը տօնելու եւ նահատակներուն յիշատակին խոնարհելու փոխարէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ առանց բանակայիններուն նահատակութիւնը պատճառող պատասխանատուները բացայայտելու կարելի պիտի չըլլայ հայրենիք կերտել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի դէմ սանձազերծուած յարձակումին նպատակն է Հըզպալլայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ համաձայնութիւնը ծածկել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանան իր համեստ կարողութիւններով կրցած է իր գոյութեան սպառնացող վտանգները ոչնչացնել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ իրենք միշտ պիտի զօրակցին Դիմադրութեան մարտիկներուն` Լիբանանը պաշտպանելու համար անոր դէմ յարձակում գործողներէն:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ նախապէս համաձայնութիւն գոյացած է եւ զինուորական գործողութիւններուն բեմագրութիւնը պատրաստուած, նախքան ճակատամարտերուն յայտարարութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Քէյրուզ նահատակուած բանակայիններու ընտանիքներուն ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնեց:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ պետական ամավարկի հաշուեփակը կատարելու իմաստով սահմանադրական որոշ ելքերու շուրջ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխան Ալի Մըքտատ ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական խմբաւորումներ կը մերժեն Լիբանանի ազատութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ բանակայիններու առեւանգումին հետ առնչութիւն ունեցող ոեւէ մեղսակից պէտք է հաշուետուութեան կանչուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ ամերիկեան կողմը նկատի ունեցած է Հըզպալլայի դէմ իր պարտադրած նիւթական պատիժներուն մասին լիբանանեան դիտողութիւնները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի կոչ ուղղեց լիբանանեան միացեալ կեցուածքով ներկայանալու` պահպանելու համար լիբանանցիներուն միացեալ շահերը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան ընթացքին պիտի արծարծէ լիբանանեան բանակին օժանդակելու կարելիութիւնը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը մեծ թիւով զօրակցական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացած է:


