Երէկ երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու Այոա նահանգի նահանգապետ Քիմ Ռէյնոլտզ պաշտօնական արարողութեան մը ընթացքին ստորագրեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հոկտեմբեր 2017-ն Հայկական իրազեկման ամիս յայտարարելու մասին հռչակագիր մը:
Արարողութեան ներկայ էին հայ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներ, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Արմէն Սահակեանն ու Արթուր Մարտիրոսեանը, փոքրաթիւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Այոան դարձաւ 47-րդ նահանգը, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: