Չինաստանի իշխանութիւնները փոխած են չինական բանակի ցամաքային զօրքերու բոլոր 13 ստորաբաժանումներուն 26 հրամանատարները եւ քաղաքական կոմիսարները: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով չինական լրատուամիջոցները:
Այդ պաշտօններուն նշանակուած հրամանատարները հասած են իրենց յանձնարարուած ստորաբաժանումներ:
Լրատուամիջոցները ցամաքային զօրքերու ստորաբաժանումներուն 18-էն 13-ի կրճատուելու մասին առաջին հաղորդագրութիւնները յայտնած էին մարտ 2017-ին:
Նոյեմբեր 2015-ին, Չինաստանի ղեկավար Սի Ցզինփին յայտնած էր Չինաստանի Ազգային ազատագրական բանակին մէջ սպասուող լայնածաւալ բարեփոխումներուն մասին: Բացի 2018 թուականին 300 հազար մարդով զինեալ ուժերու քանակի կրճատումէն, բարեփոխումները կ՛անդրադառնան նաեւ բանակի կազմակերպչական կառուցուածքին ու անձնակազմին եւ պիտի աւարտին 2020-ին: