Վարեց` Կ. Յ.
28 յուլիսին Գրողներու միութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ գիտնական, թատերագիր, բեմադրիչ եւ դերասան Հրանդ Մարգարեանի «Խրիմեան Հայրիկ» ներկայացման հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Ներկայացումը բեմադրուած է նաեւ Նիւ Եորքի մէջ եւ` մեծ արձագանգի արժանացած: Ներկայացման մտայղացման, անոր պատգամին եւ յատկապէս Խրիմեան Հայրիկին նուիրուած ըլլալու հանգամանքին եւ այլ հարցերու մասին զրուցած է ներկայացման հեղինակը` Հրանդ Մարգարեան «Երկիր»-ին հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ներկայացման մտայղացումը ինչէ՞ ծնաւ եւ ինչո՞ւ որոշեցիք անդրադառնալ Խրիմեան Հայրիկին:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- 1988-ին ալ Խրիմեան Հայրիկի մասին գրած էի թատերախաղ մը, որ ներկայացուցի Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ: Այս տարի կը լրանար Խրիմեան Հայրիկի մահուան 110-րդ տարելիցը, եւ, ի զարմանս ինծի, ոչ մէկ արձագանգ կար: Ինծի համար զարմանալի է, որ մեր պատմութեան մէջ այսպիսի հսկայ դէմքի մասին ոչ մէկ արձագանգ եղաւ այս տարի: Ատոր համար ալ մտածեցի, որ պէտք է ներկայացում բեմադրեմ, քանի որ Խրիմեան այնքա՛ն ըսելիք ունի, եւ իր մօտեցումները զանազան հարցերու վերաբերեալ` կարելի է իբրեւ ազդանշան ու իրականութեան պատկեր նկատել: Կը մտածեմ, որ եթէ կարենամ Խրիմեան Հայրիկին տիպարը «բերել մեր կեանքին մէջ», այն ժամանակ անոր հանդէպ տածած յարգանքս մատուցած պիտի ըլլամ եւ միաժամանակ շատ բան պիտի սորվիմ: Մեր պատմութեան մէջ Խրիմեան եզակի է իր ժողովրդականութեամբ եւ իր ժողովուրդին կողքին ըլլալու հանգամանքով: Ան մեր կեանքերուն վրայ այնպիսի ազդեցութիւն ունեցած է, որ վստահօրէն կրնամ ըսել, թէ ինքն է յեղափոխութեան հիմնադիրը: Ան մեր ինքնութեան հարցին մէջ պատմական մեծ ներդրում ունի, ան էր, չէ՞, որ «Երկաթէ շերեփ»-ի գաղափարը առաջ քաշեց: Ներկայացնել ժողովուրդին, անոր պատգամը յիշեցնել` ա՛յս էր մղիչ ուժս:
Հ.- Կրնա՞նք ըսել, որ ասիկա ոչ թէ զուտ անդրադարձ է կամ յիշեցում Խրիմեան Հայրիկի մասին, այլ նաեւ` փաստ, որ անոր խօսքերը այսօր ալ արդիական են:
Պ.- Այո՛, քանի որ ան այնքան դիպուկ կերպով կ՛ըսէ ամէն ինչ` առանց հարցեր յառաջացնելու: Բացի ատկէ` հայ կնոջ նկատմամբ իր յարգանքը եւ ուշադրութիւնը շատ մեծ էր, ան կ՛ըսէր, որ հայ կինը մեր յենասիւնն է: Ան առաջին մարդն էր, որ Վանի մէջ աղջիկներու համար դպրոց բացաւ եւ կը ստիպէր մայրերուն, որ իրենց աղջիկները դպրոց ուղարկեն: Ան կ՛ըսէր նաեւ, որ հայ կինը միայն խոհանոցի մէջ աշխատելու համար չէ, ուսումը շատ կարեւոր է: Ան ուսումի «խենթ» էր, ինքն ալ բացառապէս կրթուած մարդ էր: Դէպք մը յիշեցի. երբ Խրիմեանի եղբօր տղան` Խորէնը, կը նշանուի, կ՛ուզէ իր նշանածը ծանօթացնել Խրիմեանի հետ: Աղջիկը լաչակով էր, եւ Խրիմեան Հայրիկ կը հարցնէ, թէ ինչո՛ւ ան լաչակ կապած է. աղջիկը կը պատասխանէ, թէ մեր սովորութիւնն է, որ հայ կինը լաչակ պէտք է կապէ, Խրիմեան կը հակադարձէ` ըսելով, որ հայերը նման սովորութիւն չունին: Աւելի՛ն. ան կ՛ըսէ աղջկան, որ այսուհետեւ գլխաբաց շրջի, ու եթէ մէկը հարցնէ, թէ ինչո՛ւ գլխաբաց է, կրնա՛յ հանգիստ պատասխանել, որ Հայրիկը հրահանգած է: Ասիկա պատճառ հանդիսացաւ, որ միւս հայ կիներն ալ գլխաբաց շրջէին: Իր վերջին կոնդակներէն մէկուն մէջ ալ Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ, որ բոլոր եկեղեցական ընտրութիւններուն հայ կինը պէտք է քուէարկէ, եւ ասիկա 1907-ին էր: Խրիմեան նախասկիզբն էր ամէն ինչի, ան յեղաշրջում կ՛ընէր, բայց` գիտակից ձեւով: Կ՛ուզէր, որ մարդիկ ուղղակի լսէին իր խօսքը, ապա որոշէին, թէ համաձա՞յն են, թէ՞ ոչ:
Հ.- Մենաներկայացումը դժուար ոճ կը նկատուի: Դերակատարը մէկ անձ է եւ հանդիսատեսի ուշադրութեան կեդրոնը անոր ամէն շարժումն ու բառն է: Վախ չկա՞յ ճիշդ չընկալելու:
Պ.- Մէկ վախ ունիմ, այդ ալ Խրիմեանը պատշաճ ձեւով ներկայացնելն է: Կը վախնամ անոր մեծութենէն. ան այնքան հսկայ մարդ է, որ անոր առջեւ ես միջատ եմ: Միայն կը մտածեմ, թէ այսպիսի մարդ մը պիտի կարենա՞մ արժանի ձեւով ներկայացնել: Նիւ Եորքի մէջ արդէն ներկայացումը ցուցադրուած է, այնտեղ մեծ ընդունելութեան արժանացաւ, ատոր համար ալ ոգեւորուեցայ ու մտածեցի Հայաստանի մէջ ալ բեմադրել զայն: Ի դէպ, ներկայացման մէջ 3 սերունդ ներկայ է, որ խորհրդանշական է. անիկա շարունակութիւն ցոյց կու տայ: Կը յիշէ՞ք, երբ ցարը ըսաւ, որ բերէք ու բոլոր գանձերը յանձնեցէք, իսկ Խրիմեան պատասխանեց` միայն դիակիս վրայէն. այս մասը ներառած եմ ներկայացմանս մէջ, եւ խումբ մը երեխաներ կ՛ըսեն «Չյանձնէ՛ք»…
Հ.- Այս մէկը կը կապէ՞ք ղարաբաղեան հիմնահարցին հետ:
Պ.- Այո՛, նպատակս այդ է: Խրիմեանի խօսքը` չյանձնել, հիմա ալ արդիական է, հիմա ալ մեր գանձերը մեր հողերն են: Տեղեր կան, որ ան մեզ կը յանդիմանէ, բայց` խրատական ձեւով: Կարծես ան մեր օրերու մասին գրած ու խօսած է: Խրիմեանի վերաբերմունքը թատրոնի հանդէպ շատ գնահատելի էր, ան կ՛ըսէր, որ թատրոնը մեր երկրորդ եկեղեցին է, ուր մեր բարքերը կը ներկայացուին: Կը կարծեմ, որ ան ալ մեր բարքերէն մէկն է: Մինչ այդ «Հեթում» թագաւորի մասին եւս ներկայացում բեմադրած եմ: Ես, առհասարակ, 27 ներկայացում բեմադրած եմ` հայերէն եւ անգլերէն, իմ ներկայացումներէն երկուքը մինչեւ Պրոտուէի թատրոնի մէջ բեմադրուեցան: Նիւ Եորքի թատերական հիմնարկն ալ ինծի դիմեց` իրենց համար Ցեղասպանութեան նիւթով ներկայացում գրելու: Ատիկա նախ իրենք խաղացին, ապա ես` Պրոտուէի մէջ, եւ ներկայացումէն ետք օտարները, որոնք մեր մասին ոչինչ լսած էին, հայոց պատմութեան մասին գիրքեր կը կարդային ու կու գային ինծի հարցումներ ուղղելու:
Հ.- Արցախի մասին խօսեցանք. Արցախը մեր թէ՛ հպարտութիւնն է, թէ՛ ցաւոտ կողմը: Ի՞նչ ըսելիքներ ունինք բանակի եւ Արցախի մասին:
Պ.- Արցախի հարցը զիս մեծապէս կը մտահոգէ: Մենք առաջին հերթին պէտք է մեր ընելիքները դասակարգենք: Ամէն մէկը` նախարարութիւն, համայնք, ունի իր ծրագիրը, բայց մենք ազգ ենք, եւ պէտք է մեր առաջնահերթութիւնները ճշդենք: Երբ տուն կը կառուցես, նախ կահ-կարասին չես գներ, չէ՞, այլ տան հիմերը կը դնես: Իմ կարծիքովս, այսօր մեր գերխնդիրը Արցախն է. եթէ մենք Արցախ չունենանք, պատմութեան մէջ անորոշութեան գիրկը պիտի երթանք: Ես կտրականապէս դէմ եմ հողերու յանձնումին: Մեր պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով սահմանները ընդլայնած ենք. միշտ կորսնցուցած ենք: Եթէ չկարենանք մեր ձեռք բերածը պահել, գլխիկոր պիտի երթանք պատմութեան յատակը: Այսօր մեր գերխնդիրը Արցախն է, իսկ Արցախի խնդիրը` զօրութիւնը: Անցեալ տարի Միացեալ Նահանգներ հետազօտութիւն մը կատարեցին, եւ յայտարարուեցաւ, որ մեր ապրիլեան քառօրեայի օրերուն զոհուած տղաներուն 25 տոկոսը չէր մահանար, եթէ ունենար համապատասխան սարք` արիւնահոսութիւնը կասեցնելու: Ատկէ ետք Արցախ այցելած երկու երիտասարդներ որոշեցին այդ սարքերէն գնել եւ ուղարկել սահմանը կանգնած տղաներուն: Հիմա մեր առաջին խնդիրը Ղարաբաղի 20.000 զինուորներէն իւրաքանչիւրին արիւնահոսութիւնը կասեցնելու այդ սարքը նուիրելն է: Տղաքը էջ ալ ունին Դիմատետրին վրայ` «Armenian Wounded Heroes Fund» անունով, որուն միջոցով ալ դրամահաւաքի խնդիրը կը լուծուի: Այսօր Միացեալ Նահանգներէն Արցախ կը ժամանեն բժիշկներ, որոնք զինուորներուն կը սորվեցնեն, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գործածել այդ սարքը: Սարքերը համարակալուած են, եւ զանոնք վաճառելու կամ նուիրելու որեւէ միջոց չկայ: Երկու տարի սարքը օգտագործելէ ետք, անիկա քիչ մը կը վերանորոգուի եւ կը փոխանցուի յաջորդ զինուորին: Հակառակ այն իրողութեան, որ ես ՀՅԴ-ի անդամ եմ, սակայն չուզեցինք, որ այս գործը որեւէ կուսակցութեան անուան կապուի, քանի որ հայ զինուորը որեւէ կուսակցութեան չի պատկանիր եւ սահմանի վրայ կը պաշտպանէ բոլորը, ոչ թէ միայն` ՀՅԴ-ն կամ ռամկավարը:
Հ.- Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հայաստանի ապագան` ո՞ւր թերացած ենք, ի՞նչ դասեր պիտի քաղենք անցեալէն, որ նոյն տեղը չմնանք եւ յառաջ երթանք:
Պ.- Հայաստանը ինծի համար պաշտամունք է: Վերջին 25 տարիներուն ամէն տարի կ՛այցելենք Հայաստան, եւ կրնամ ըսել, այո՛, կայ զարգացում: Բայց մեծ խնդիր մը ունինք` ժողովուրդը պէտք է շատ լսել, քանի որ ժողովուրդը իմաստուն է եւ ըսելիքներ ունի: Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը հեռացած է ժողովուրդէն: Բայց ատով հանդերձ, Հայաստանի ապագան լուսաւոր կը տեսնեմ, քանի որ երիտասարդները շատ աշխուժ են: Հարցեր յառաջ կը քաշեն եւ կը մասնակցին ատոնց լուծման: Ես կը հաւատամ ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութեան եւ կ՛ուզեմ, որ անիկա ժողովուրդին ծառայէ: Սակայն պէտք է ըսեմ, որ կուսակցութիւնները կու գան եւ կ՛երթան, բայց ազգը մնայուն արժէք է, ուստի մենք ամէն ինչ պէտք է ազգին համար ընենք: Ես իմ աշակերտներուս ալ միշտ կ՛ըսեմ, որ ամէն օր դուք ձեզի հարցնէք, թէ ըրածս ինչպէ՞ս պիտի օգնէ հայութեան ու Հայաստանին եւ այդ մտայնութեամբ պէտք է ապրինք:
Խրիմեան Հայրիկը օրինակելի եւ բացառիկ եկեղեցական եւ անձնաւորութիւն իրեն ունեցած վերաբերմունքով եւ վարմունքով ժողովուրդին հանդէպ։
Շատ կը գնահատեմ գիտնական Հրանդ Մարգարեանի ներկայացումը։
Երանի ներկայ ղեկավարները, քաղաքական եւ եկեղեցական շարունակեն Խրիմեան Հայրիկի վերաբերմունքը եւ վարմունքը ժողովուրդին հանդէպ։ Բացառութիւնները յարգելի են։