ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ընկերովին կ՛ուզէք գործ մը սկսիլ: Ուշադրութի՛ւն. ձեր ընկերները ձեզի վստահելով` գործի պիտի անցնին: Ուրեմն դուք էք, որ պիտի ղեկավարէք այդ գործը: Քաջութի՛ւն եւ յաջողութիւն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատավայրին մէջ նոր ծրագիրներ պիտի գործադրուին: Ձեր պատասխանատուները ձեր վրայ մեծ վստահութիւն ունի, եւ ձեր կարողութիւնը անշուշտ պիտի գնահատուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բախտաւոր էք, սակայն գնահատել չէք գիտեր: Ձեր կեանքի ընթացքը փոխեցէք, որպէսզի աւելի հաճոյք ստանաք: Կարելի է նոր ասպարէզ մը ընտրել, զոր կրնաք յաջողութեամբ պսակել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յաճախ կ՛ուզէք ձեր կարծիքները պարտադրել ընկերութեան մէջ: Զգուշացէք տարակարծութիւններէ, քանի որ ամէն անձ չի կրնար ձեր մտածումները բաժնել: Յարգեցէք միւս կարծիքները:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընկերութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ընտանիքին մէջ պէտք է յարգել իւրաքանչիւրին մտածումները: Համերաշխութիւնը յաջողութեան դուռն է` կ՛ըսուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շատ մը պատասխանատուութիւններ տրուած են ձեզի. թէեւ յոգնեցուցիչ է, բայց գոհունակութիւն կը զգաք, քանի որ վստահութիւն ներշնչած էք ձեր շրջապատին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ի՜նչ զգայացունց օր մը: Հորիզոնին վրայ սիրահարութիւն մը կ՛երեւի: Վերջապէս պիտի հանդիպիք ձեր երազած անձին, որ ձեր կեանքը բոլորովին պիտի փոխէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մոռցէք անցեալի գէշ դէպքերը եւ կեանքը դիմաւորեցէք ուրախութեամբ: Վերջապէս ձեր աստղը պիտի փայլի, եւ ձեր երազները պիտի իրագործուին: Ասկէ աւելի ի՛նչ սպասել կեանքէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Բազմաթիւ գործերու մէջ մխրճուած էիք եւ կ՛ուզէիք քիչ մը հանգիստ ընել: Օրը հասած է, առանձնացէք եւ բնութեան մէջ միայն ձեր անձին մասին մտածեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր սկսած գործերը յաջողութեամբ կ՛ընթանան, ձեր ճիգերը եւ յոգնութիւնը պիտի գնահատուին, ձեր աշխատասիրութիւնը նորանոր յաջողութիւններու պիտի առաջնորդէ ձեզ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դժուար է հանգստութիւն գտնել, երբ միայն գործի մասին կը մտածենք: Ամէն բան իր կարգին: Քիչ մը ձեր անձին եւ հաճոյքներուն մասին մտածեցէք, որպէսզի կեանքէն հաճոյք առնէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարճ ճամբորդութիւն մը կը նախատեսուի, որմէ շատ հաճոյք պիտի ստանաք` նոր շրջանակ, նոր միջավայր եւ նոր մշակոյթ: Անմոռանալի արձակուրդ մը պիտի ունենաք: